«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա Հինգշաբթի քննադատեց Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հռետորաբանութիւնը՝ մեղադրելով զինք երկրին մէջ լարուածութիւնը բարձրացնելու եւ քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտը վերադարձնելու մէջ:
«Քաղաքական գործիչը չի կրնար ըսել, ինչ կ՝ուզէ: … Տեսէք որքան լարուած է իրավիճակը»,- ըսաւ Ժաաժաա մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Պասիլ ուշադրութիւն կը գրաւէ երկրին մէջ իրականացուող շրջագայութիւններուն ընթացքին ունեցած վիճահարոյց ելոյթներով, որոնք գրեթէ բոլոր քաղաքական կողմերէն մեծ արձագանգ գտած են:
«Հակամարտութիւնը չի ձգեր Թրիփոլի այցելեմ: Անիկա կը խոչընդոտէ իմ եւ Ազգային Ազատ հոսանքի Թրիփոլի գալուն»,- ըսած էր ան՝ շեշտելով, որ Ազգային Ազատ հոսանքը չէր նախկին վարչապետը սպաննողը, որ Թրիփոլիէն էր։
Ժաաժաա նաեւ քննադատեց 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը՝ նշելով, որ անիկա չ՝արտացոլեր երկրի ծախսերը արդիւնաւէտօրէն նուազեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք, որ յաջորդ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն Խորհրդարանը կը նախատեսէ հանդիպիլ առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստերով` քննարկելու եւ հաստատելու պիւտճէն, որ անցնող Երեքշաբթի հաստատուեցաւ ելեւմուտքի եւ պիւտճէի յանձնաժողովին կողմէ։






