Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻՒՆ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

7 Յուլիս 2019

ՀՀ Վարչապետ

Պրն. Նիկոլ Փաշինեանին,

Մեծարգոյ Պրն. Փաշինեան,

Սրտի դառն կսկիծով ստացանք մահուան գոյժը՝ վաստակաշատ պատմաբան եւ հմուտ դիւանագէտ Արման Կիրակոսեանի։

Խորապէս տխրալի այս առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհատարած անդամակցութեան եւ համակիր լայն շրջանակին խորազգաց վշտակցութիւնները կը փոխանցենք Հայրենի հարազատ մեր իշխանութիւններուն, ընտանեկան իր բոլոր պարագաներուն, եւ առ հասարակ՝ հայրենաբնակ մեր բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Ողբացեալ Արման Կիրակոսեանի անժամանակ եւ վշտալի մեկնումով՝ հայրենի դիւանագիտութիւնը մասնաւորաբար, եւ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս, կը կորսնցնեն մեծ հայրենասէր մը, բազմախոհուն մտաւորական մը, ազգային ըմբռնումներու ամբողջական ու անսակարկ նուիրեալ մը, խիստ հեղինակաւոր անհատականութիւն մը։

Օրինակելի իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սիրտերուն մէջ։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

Ռաֆֆի Պալեան                                                  Մայք Խարապեան

  Ատենադպիր                                                          Ատենապետ

 

Սոյն ցաւակցագիրը յղուած է նաեւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին