«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ նախագահի նստավայրէն ներս հիւրընկալուած են Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)՝ Երեւանի ամառնային մասնագիտական փորձառութեան եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագրերով Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ նախագհահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, անոնք հանդիպած են Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Ջերմ զրոյցի ընթացքին նախագահ Սարգսեան պատասխանած է երիտասարդներու հարցերուն, որոնք մասնաւորապէս վերաբերած են Հայաստանի զարգացման տեսլականին, հայրենիքի հետ կապին, նախագահի անձնական փորձառութեան եւ այլն:
«Մենք պէտք է զարգացման տեսլական ունենանք՝ ուր կ’երթանք, ինչ ուղղութեամբ պէտք է զարգանանք,- ըսած է նախագահը:- Որպէսզի հասկնանք, թէ ինչպիսի երկիր կ’ուզենք ունենալ 30 կամ 50 տարի յետոյ, մենք պէտք է վերլուծենք, թէ աշխարհը 30 կամ 50 տարի յետոյ ուր պիտի ըլլայ: Մեր երկրի զարգացումը պէտք է ըլլայ այդ համընդհանրութեան մէջ: Ուստի մեր առաջին քայլը պէտք է ըլլայ վերլուծել, հասկնալ, թէ աշխարհը որ ուղղութեամբ պիտի զարգանայ, երկրորդը՝ ուր կ’ուզենք ըլլալ մենք այդ զարգացման մէջ, հաշուել, թէ ինչ պէտք է ընել մեզի համար ցանկալի տեղը յայտնուելու համար: Ասիկա կը կոչուի տեսլական, բայց մինչեւ տեսլականը մենք պէտք է վերլուծենք, մենք պէտք է ունենանք նպատակ,- ըսած է նախագահը: – Տեսլական ունենալը բաւարար չէ, անիկա կրնայ ընդամէնը երազանք մնալ, եթէ չունենանք ռազմավարութիւն, չունենանք անկէ բխող գործողութիւններու ծրագիր, որուն իրականացումը մեզ կը մօտեցնէ մեր տեսլականին»:
Ընդհանուր տեսլական ունենալու համար Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է երկխօսութիւնը. «Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի տեսլականի մասին իր պատկերացումները, եւ շատ կարեւոր է զանոնք իրարու փոխանցելը, որպէսզի ընդհանուր տեսլական ունենանք: Այս փուլին մենք պէտք է երկխօսինք, սկսինք գաղափարներ փոխանակել, հաշուի առնել ինչպէս Հայաստանի, Արցախի, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու տեսակէտը: Անիկա կ’ըլլայ յատուկ Հայաստանի համար տեսլական, որ կրնայ տարբերիլ միւս երկիրներու տեսլականէն, քանի որ մեր ժողովուրդը սփռուած է աշխարհով մէկ, եւ մենք ունինք իւրօրինակ ցանց, որ հսկայական արժէք ու առաւելութիւն է ժամանակակից աշխարհի մէջ»: Նախագահի խօսքով՝ մեր ունեցածը պարզապէս ցանց չէ, մեզ կը միաւորեն մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, ընտանիքը, մշակոյթը եւ առաքելութիւնը:
Դիմելով սփիւռքահայ երիտասարդներուն՝ նախագահը ըսած է.«Հայաստանի մէջ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ դուք ձեզ զգաք ձեր տան մէջ, ուր դուք կրնաք վերադառնալ ամէն պահ, աշխատիլ, ունենալ ձեր ներդրումը: Եւ անոր համար խոչընդոտներ պէտք չէ ըլլան: Հայաստանը դիտեցէք որպէս ձեր տունը, ձեր երկիրը: Բայց դուք պէտք է ըլլաք նաեւ ա՛յն երկրի լաւագոյն քաղաքացիները, ուր կ’ապրիք: Կը մաղթեմ, որ ոչ միայն ձեզ զգաք ձեր տան մէջ, այլեւ՝ զգաք ձեզ մեր ազգի, մեր երկրի մէկ մասնիկը»:






