«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ կը քննարկԷ Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ որոշ պատժամիջոցներու գործողութեան դադրցեման հնարաւորութիւնը 12-18 ամիս ժամկէտով՝ Եոնպէոնի միջուկային կեդրոնի վերացման եւ ամբողջ միջուկային ծրագրի սառեցման պայմանով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», Յուլիս 11-ին այդ մասին հաղորդած Է Yonhap գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի աղբիւր մը: Անոր տեղեկութիւններով՝ խօսքը կը վերաբերի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատժամիջոցներուն, որոնք կը սահմանափակեն Հիւսիսային Քորէայէն արտահանումը՝ ածուխի եւ գործուածքի, որոնք երկրի համար եկամուտի հիմնական աղբիւրն են:
Ինչպէս նշած Է գործակալութիւնը, այդ միջոցները երկու երկիրներուն կ’օգնեն հասնելու փոխզիջման՝ այս տարուայ Փետրուարին Վիեթնամի մէջ անոնց երկրորդ գագաթնաժողովի ձախողութենէն ետք: «Սպիտակ տունը աշխաքային խումբերու մակարդակով բանակցութիւններ սկսելէն ետք կը ցանկայ որոշել այն պայմանները, որոնց պարագային կրնայ սկսիլ Հիւսիսային Քորէայի միջուկազերծման գործընթացը»,- նշած Է աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ պատժամիջոցներու դադրեցման ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ այդ գործընթացը կատարուի «լաւ քայլով»:






