«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ս-400 օդային պաշտպանութեան համակարգերը տեղափոխող օդանաւերը վայրէջք կատարած են Մալաթիայի եւ Անգարայի օդակայաններու մէջ: Թուրքիան խմբաքանակը գնած էր Ռուսաստանէն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ թրքական «Demokrathaber»-ը:
Ռուսաստանի հետազօտական հիմնարկի տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ համակարգերու հետ միասին Թուրքիա եկած են ռուս մասնագէտներ:






