Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պըրրի. Իսրայէլ Կը Ձգտի «Նոր Շըպաա» Ստեղծել

«Զարթօնք», Պէյրութ – Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պետութեան միջեւ գտնուող ծովաբնեայ տարածքը, որ կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ի միջնորդաւորուած բանակցութիւններու առարկայ, Իսրայէլ կը ձգտի ստեղծել նոր Շըպաայի սենար մը։

«Իսրայէլ կ՝ուզէ ստեղծել նոր Շըպաա մը, սակայն այս անգամ ծովուն մէջ»,- ըսաւ Պըրրի՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի միջնորդական ջանքերը գայթակղութեան գագաթնակէտն են:

«Հինգ տարիէ ի վեր Լիբանանը բարդ բանակցութիւններու մէջ է, եւ իր կեցուածքը միշտ նոյնն է»,- ըսաւ Պըրրի՝ անդրադառնալով ծովային սահմանային վէճի լուծման համար ԱՄՆ-ի գլխաւորած ձախողած ջանքերուն եւ ընդգծեց. «Քաղաքական պատերազմները (Իսրայէլ) թշնամիի հետ պակաս վտանգաւոր կամ կարեւոր չեն, քան ռազմական մարտերը»:

Նշենք, որ երկու երկիրները կը ձգտին ճշդել հարաւային սահմանը, ուր կը վիճարկուին շուրջ 856 քառակուսի քիլոմեթր ջուրերը, նպատակ ունենալով զարգացնելու քարիւղի եւ կազի արդիւնահանումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին