Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լոռեցիներու Տարատեսակ Բողոքները

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 22 –

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Արդէն ութերորդ օրն է, որ Ալավերտիի բնակիչները ցոյց կը կազմակերպեն՝ որպէս բողոք իրենց միակ պղնձաձուլական գործարանի փակման, որուն հետեւանքով անորոշ է հետագայ վիճակը: Գործարանը, որ տասնամեակներ շարունակ կրցած է ապահովել ամբողջ ժողովուրդի մը բնականոն ապրելակերպը, այսօր մատնուած է անգործութեան: Արդէն երկու հարիւր հոգի հեռացուած է աշխատանքէն, իսկ մնացեալը պիտի հեռացուին երկու ամիսէն: Քաղաքի բնակչութեան տնտեսական վիճակը երաշխաւորող ուրիշ հիմնարկ գոյութիւն չունի:

Լոռիի մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեան ցուցարարներուն դիմելով տեղեկացուց, որ այս անորոշ վիճակը յառաջացած է երկու հանգամանքներու պատճառով.

Առաջինը այն է, որ գործարանը խնդիր ունի դրամատան հետ, իսկ երկրորդը միջավայրի մաքրութիւնը պահպանելու եւ մարդոց առողջութիւնը ապահովելու հարցն է:

Միջավայրի մաքրութեան վարչութիւնը կը պահանջէ  լուրջ միջոցներ ձեռներկել թունաւոր կազերու եւ փոշիի արտանետումը կանխելու համար, որպէսզի չխաթարուի մարդոց առողջութիւնը: Այս պահանջը ի գործ դնելու համար բաւականին մեծ ծախս կը պահանջուի, իսկ գործարանի ղեկավարութիւնը ի վիճակի չէ այդ գումարը ապահովելու: Մարզպետ Ղուկասեան յստակ պատասխան չտուաւ, թէ հարցը երբ պիտի լուծուի, իսկ գործարանի աշխատաւորները սպառնացին հարցը դրական լուծում չստանալու պարագային հեռանալ Ալավերտիէն։

Վանաձորէն քանի մը քմ. Հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բազում գիւղի բնակիչներն ալ կը բողոքեն մաքուր ջուր չունենալու համար: Մօտ 1900 բնակիչ ունեցող գիւղը տարիներ շարունակ զրկուած է մաքուր, ըմպելի ջուր ունենալու տարրական կարիքէն: Մարդիկ ստիպուած կ’օգտագործեն լեռներէն վար հոսող ջուրերը, կամ գետի ջուրը, որ լի է որդերով, մակաբոյծներով եւ տարատեսակ մանրէներով: Գիւղացիները գետի այդ աղտոտ ջուրը կ’եռացնեն, կը զտեն եւ ստիպուած կ’օգտագործեն, որովհետեւ ուրիշ լուծում չունին: Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ յաճախակի զննումներ կը կատարուին եւ եզրակացութիւն կը տրուի, որ «ջուրը պիտանի չէ օգտագործման»: Այդքան: Ուրիշ լուծում չ’առաջարկուիր:

Վանաձորէն դէպի արեւմուտք գտնուող Արչուտ գիւղի բնակիչներն ալ կը բողոքեն ճամբաներու անբարեկարգ վիճակէն, դէպի գիւղ առաջնորդող փողոցի վրայ գոյացած փոսերէն, որոնք մեծ դժուարութիւն կը յառաջացնեն փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին