Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Ալի Պապաճանի Հիմնադրելիք Կուսակցութիւնը Պիտի Ունենայ 4 Ուղղուածութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճան իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն հեռանալէն ետք սեղմեց նոր կուսակցութիւն հիմնելու կոճակը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը տեղեկացնէ թրքական «Սէօզճու»-ն:

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նոր կուսակցութեան հիմնադրման առնչուող հիմնական աշխատանքները պիտի կատարուին մինչեւ Հոկտեմբեր: Կը նախատեսուի, որ կուսակցութեան հիմնադիրները պիտի կիրառեն Թուրքիոյ 19-րդ վարչապետ եւ 8-րդ նախագահ Թ. Օզալի հիմնած «Մայր հայրենիք» կուսակցութեան ձեւաչափը: Անկէ կարելի է ենթադրել, որ կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 4 ուղղուածութիւն՝ լիպերալ, սոցիալ-դեմոկրատական, պահպանողական եւ ազգայնական:

Ալի Պապաճան յայտնած է, որ կուսակցութեան հիմնական նպատակը խորհրդարանէն ներս խմբակցութիւն ստեղծելը չէ, ուստի պատգամաւորներու հետ կապուած ԱԶԿ-ի հետ բանակցութիւններու մէջ պիտի չմտնէ: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ նոր կուսակցութեան դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ԱԶԿ-էն դժգոհ պատգամաւորներուն համար:

Խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որ 20 պատգամաւոր անցնի իրենց կողմը: Հակառակ անոր որ ԱԶԿ ղեկավարները հաւանական չեն համարեր այդ մէկը, այնուամենայնիւ, կը փորձեն, ներքին կանոնադրութեան փոփոխութիւններ իրականացնելով, խորհրդարանի մէջ խմբակցութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ պատգամաւորներու թիւը 20-էն հասցնել 30-ի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին