Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Ընդունած է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Տոնալտ Դուսքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –  ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրէն ներս ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Դուսքը:

Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։ Աղբիւրիh համաձայն նախագահ Սարգսեան ողջունած է Տոնալտ Դուսքի այցը Հայաստան եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան մեծ բաւականութիւն պիտի ստանայ մեր երկիր կատարած այցէն, մանաւանդ որ Հայաստան այն երկիրն է, որ կը կիսէ եւրոպական արժէքները։

«Հայաստան ոչ միայն համաձայնագիր ստորագրած է Եւրոմիութեան հետ, այլեւ այն երկիրն է, որ մասնաւորապէս մշակութային առումով խորապէս եւրոպական է եւ միշտ այդպիսին եղած է։ Ուստի, աւելի քան բնական է, որ աւելի մօտ կը դառնանք Եւրոմիութեան։ Հայաստան մշտապէս եղած է եւրոպական արժէքներու բնօրրան՝ սկսեալ մեր կրօնէն, մշակոյթէն մինչեւ գրականութիւն ու երաժշտութիւն»,- նշած է նախագահ Սարգսեան։

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն՝ Հանրապետութեան նախագահը համոզում յայտնած է, որ յառաջիկային յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ աւելի պիտի սերտանան եւ խորանան։ «Մենք անոր համար մեծ ներուժ ունինք»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան: Ան Տոնալտ Դուսքը հրաւիրած է Հայաստան այցելել նաեւ ընտանիքի հետ։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնածէ ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ ասիկա իր երրորդ այցն է Հայաստան։ «Ես ինքզինքս կը զգամ ինչպէս տանս մէջ»,- նշած է ան։

Առանձնազրոյցի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահը մտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած տարբեր ոլորտներէն ներս  համագործակցութեան։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին