Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Աուն. Լիբանան Զայրացած է ԱՄՆ-ի Կողմէ Տնօրինուած Պատժամիջոցներուն Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Նախագահ Միշել Աուն Չորեքշաբթի արձագանգեց Հըզպալլայի երեսփոխաններուն եւ պաշտօնեաներուն դէմ տնօրինած ԱՄՆ պատժամիջոցներու նոր ալիքին, ըսելով, որ ԱՄՆ իշխանութիւններուն հետ Լիբանանը պիտի հետեւի նշեալ քայլին:

«Լիբանան կը զայրանայ, որ ԱՄՆ դիմած է այդ միջոցներուն, յատկապէս` թիրախ վերցնելով երկու ընտրուած երեսփոխան»,- ըսաւ Աուն, ըստ իր գրասենեակէն եղած յայտարարութեան:

Նշենք, որ ԱՄՆ-ի Գանձապետական բաժինէն Երեքշաբթի նշած էին երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի, երեսփոխան Ամին Շարրիի եւ անվտանգութեան գծով ղեկավար Ուաֆիք Սաֆայի անունները՝ իբրեւ «յատուկ նշանակուած համաշխարհային ահաբեկիչներ», զիրենք անջատելով միջազգային ելեւմտական համակարգէն:

Առաջին անգամ է ԱՄՆ պատժամիջոցներ սահմանած է Հըզպալլայի երեսփոխաններուն դէմ, թէեւ Ուաշինկթըն բազմիցս ըսած է, որ չի զատորոշեր կուսակցութեան ռազմական եւ քաղաքական թեւերուն միջեւ: ԱՄՆ-ն, երեք տարբեր անգամ, «Հըզպալլա»ն անուանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Աուն խստօրէն դատապարտեց Երեքշաբթի օրուան որոշումը, ըսելով, որ անիկա «կը հակասէ ԱՄՆ-ի նախորդ դիրքորոշումները, որոնք կը հաստատեն Լիբանանի յանձնառութիւնը` դրամի լուացման եւ ահաբեկչական խումբերու կանխարգիլման վերաբերեալ միջազգային պայմանագրերուն»:

Նշենք, որ Գանձապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնեան նախապէս բարձր գնահատած էր Կեդրոնական դրամատան դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարը:

Լիբանանի պաշտօնեաները բազմիցս ընդգծած են, որ Լիբանանը կը համապատասխանէ ելեւմտական թափանցիկութեան միջազգային օրէնքներուն, եւ 2015-ին Խորհրդարանը ընդունեց դրամի լուացման դէմ օրէնքը:

Աունի դիտողութիւնները կը յաջորդէին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերաբերմունքին:

Պըրրի Չորեքշաբթի յայտարարած էր, թէ պատժամիջոցները «յարձակում են խորհրդարանի եւ Լիբանանի վրայ», իսկ Հարիրի ըսած էր, թէ անոնք կ՝արտացոլեն «նոր ուղի», սակայն պիտի չազդեն խորհրդարանի եւ կառավարութեան գործունէութեան վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին