Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Տուսք Քննարկած են ՀՀ-ԵՄ Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Տուսքն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։ Աղբիւրին համաձայն, ողջունելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ՀՀ կառավարութենէն ներս՝ վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի համար ԵՄ հետ յարաբերութիւններու զարգացումը արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: «Պարո’ն Տուսք, ուրախ եմ կրկին հանդիպելու: Եւրոպական միութիւնը կարեւոր գործընկեր է Հայաստանի համար: Մենք կը կարեւորենք ԵՄ հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման գործընթացի ընթացքին, եւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրարկումը պիտի նպաստէ մեր փոխգործակցութեան խորացման: Բարձր կը գնահատենք Ձեր անձնական ներդրումը ՀՀ-ԵՄ կապերու զարգացման գործին մէջ եւ շնորհակալ ենք Ձեզ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար», – նշած է ՀՀ վարչապետը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Տուսք նշած է, որ ուրախ է Հայաստան գտնուելու  համար եւ հանդիպում ունենալու ՀՀ վարչապետի հետ: «Պարոն վարչապետ, ասիկա մեր առաջին հանդիպումն է Երեւանի մէջ: Եւրոպական միութիւնը եւս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը եւ Ձեզի հետ սկսած արդիւնաւէտ շարունակական երկխօսութիւնը՝ ուղղուած մեր փոխգործակցութեան յետագայ ընդլայնման ու սերտացման»,- ըսած է ԵԽ նախագահը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին