«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 10-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեան,
հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշի
հետ:
Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցան հայ-լիբանանեան միջկառավարական
յանձնաժողովի յետագայ գործունէութեան վերաբերեալ աշխատանքային մանրամասնութիւններ:
Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմ առեւտուրի շրջանառութեան, տնտեսական ոլորտի
իրաւական եւ պայմանագրային դաշտին, սակագնային քաղաքականութեան վերանայման
հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան այլ առանցքային հարցերու:






