Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Թեհրանի Մէջ Յայտարարած են Ուրանի 20-տոկոս Հարստացման Հասնելու Պատրաստակամութեան Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Թեհրան ունակ Է կարճ ժամանակի ընթացքին հասնելու ուրանի 20 տոկոս հարստացման: Յուլիս 10-ին այդ մասին յայտարարած Է Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Պեհրուզ Քամալուանտի, այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»:

«Եթէ կառավարութիւնը ուրանը մինչ 20 տոկոս հարստացնելու որոշում ընդունի, ապա մենք ի վիճակի ենք կարճ ժամանակի ընթացքին հասնելու այդ ցուցանիշին»,- Քամալուանտիի խօսքը կը մէջբերէ Tasnim գործակալութիւնը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «առայժմ ուրանի հարստացման աստիճանի աւելացման անհրաժեշտութիւն չկայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին