«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշել Աուն Չորեքշաբթի արձագանգեց Հըզպալլայի երեսփոխաններուն եւ պաշտօնեաներուն դէմ տնօրինած ԱՄՆ պատժամիջոցներու նոր ալիքին, ըսելով, որ ԱՄՆ իշխանութիւններուն հետ Լիբանանը պիտի հետեւի նշեալ քայլին:
«Լիբանան կը զայրանայ, որ ԱՄՆ դիմած է այդ միջոցներուն, յատկապէս` թիրախ վերցնելով երկու ընտրուած երեսփոխան»,- ըսաւ Աուն, ըստ իր գրասենեակէն եղած յայտարարութեան:
Նշենք, որ ԱՄՆ-ի Գանձապետական բաժինէն Երեքշաբթի նշած էին երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատի, երեսփոխան Ամին Շարրիի եւ անվտանգութեան գծով ղեկավար Ուաֆիք Սաֆայի անունները՝ իբրեւ «յատուկ նշանակուած համաշխարհային ահաբեկիչներ», զիրենք անջատելով միջազգային ելեւմտական համակարգէն:
Առաջին անգամ է ԱՄՆ պատժամիջոցներ սահմանած է Հըզպալլայի երեսփոխաններուն դէմ, թէեւ Ուաշինկթըն բազմիցս ըսած է, որ չի զատորոշեր կուսակցութեան ռազմական եւ քաղաքական թեւերուն միջեւ: ԱՄՆ-ն, երեք տարբեր անգամ, «Հըզպալլա»ն անուանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Աուն խստօրէն դատապարտեց Երեքշաբթի օրուան որոշումը, ըսելով, որ անիկա «կը հակասէ ԱՄՆ-ի նախորդ դիրքորոշումները, որոնք կը հաստատեն Լիբանանի յանձնառութիւնը` դրամի լուացման եւ ահաբեկչական խումբերու կանխարգիլման վերաբերեալ միջազգային պայմանագրերուն»:
Նշենք, որ Գանձապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնեան նախապէս բարձր գնահատած էր Կեդրոնական դրամատան դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարը:
Լիբանանի պաշտօնեաները բազմիցս ընդգծած են, որ Լիբանանը կը համապատասխանէ ելեւմտական թափանցիկութեան միջազգային օրէնքներուն, եւ 2015-ին Խորհրդարանը ընդունեց դրամի լուացման դէմ օրէնքը:
Աունի դիտողութիւնները կը յաջորդէին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերաբերմունքին:
Պըրրի Չորեքշաբթի յայտարարած էր, թէ պատժամիջոցները «յարձակում են խորհրդարանի եւ Լիբանանի վրայ», իսկ Հարիրի ըսած էր, թէ անոնք կ՝արտացոլեն «նոր ուղի», սակայն պիտի չազդեն խորհրդարանի եւ կառավարութեան գործունէութեան վրայ։






