«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կը շարունակուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Սինկափուր: Կառավարութեան ղեկավարը Յուլիս 8-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Temasek Holdings հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ` ներդրումային խումբի համաղեկավար Նակի Համիյէյի գլխաւորութեամբ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հետաքրքրուած է քննարկելու Temasek Holdings հիմնադրամի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները` հաշուի առնելով վերջինիս արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, տնտեսութեան շարք մը ոլորտներէն ներս, ինչպէս բարձր արուեստագիտութեան ոլորտը:
Վարչապետը ներկայացուցած է նաեւ մենաշնորհներու, փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ կառավարութեան քայլերը: «Կը հրաւիրենք ձեզ ծանօթանալու Հայաստանի արուեստագիական հնարաւորութիւններուն եւ ընկերութիւններու գործունէութեան»,-ըսած է վարչապետը:
Նակի Համիյէն նշած է, որ Սինկափուրի մէջ առկայ է փոքրաթիւ, սակայն կազմակերպուած Սփիւռք, որուն ներկայացուցիչները յաջող գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներէն ներս: Պարոն Համիյէն աւելցուցած է, որ Temasek Holdings-ը պատրաստ է ՀՀ կառավարութեան հետ քննարկելու համագործակցութեան, ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները: Temasek Holdings ներդրումային խումբի համաղեկավարը ներկայացուցած է հիմնադրամի գործունէութիւնը Սինկափուրի, Չինաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Հնդկաստանի մէջ:






