Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Խալիլ. Պիւտճէի Քննարկման Վերաբերող Ամենավերջին Նիստը «Պէտք է» Վերջինը Ըլլայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտարարեց, որ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին նուիրուած` «Ելեւմուտքի եւ Պիւտճէի յանձնաժողով»-ի, Երեքշաբթի օրուան նիստը պէտք է վերջինը ըլլայ:

Յանձնաժողովը, Յունիս 10-էն ի վեր, պարբերաբար կը հանդիպէր պիւտճէի քննարկման համար:

Երեքշաբթի օրուան նիստը կը նախագահէր յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Քանաան։ Ժամը 6:00-ին սկսած նիստին ներկայ էր պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ: Խալիլ եւ Քանաան Երկուշաբթի երկկողմ հանդիպում մը ունեցած էին պիւտճէի մասին չլուծուած շարք մը հարցերու շուրջ:

Նշենք, որ նախորդ նիստերուն ընթացքին յանձնաժողովը յետաձգած էր շարք մը հակասական իրողութիւններ, ինչպէս, ներմուծուող ապրանքներու մեծ մասի 2 տոկոս հարկի յաւելում եւ վեթերաններու վերջնական նպաստներու կրճատում:

 

Պիւտճէն կը ներառէ պետական ծախսերու կրճատումները եւ հարկերու աճը` նպատակ ունենալով խոչընդոտել պակասուրդը, որ անցեալ տարի կազմած էր համախառն ներքին արդիւնքի 11.1 տոկոսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին