«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին վրացի ժողովուրդի հանդէպ յարգանքի պահպանման համար հարկ չի համարեր պատժամիջոցներ կիրառել այդ երկրին դէմ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով Թասս-ը, նախագահը այդ քայլին կը դիմէ նաեւ Վրաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու պահպանման համար:
«Մէկը ելաւ, բան մը ըսաւ, ինքզինքը բան մը երկեւակայեց եւ ոեւէ մէկը զինք չի ճանչնար, բայց հիմա բոլորը կը խօսին, այդ իմաստով ան հասած է իր նպատակին: Երկու ամիսով զինք հեռացուցած են, կ’երթայ կը հանգստանայ, կը վերադառնայ ու կը շարունակէ իր աշխատանքը: Վրաստանի մէջ, սակայն, կան անձինք, որոնք կը բողոքեն այդ բոլորի դէմ»,- նշած է Փութին՝ անդրադառնալով իր հասցէին օրեր առաջ վրացական «Ռուսթաւի 2» հեռուստաալիքի հեռատեսիլի հաղորդավար Գէորգի Գապունիայի հնչեցուցած հայհոյանքներուն:
Ռուսասիոյ ղեկավարի կարծիքով, մեծ պատիւ պիտի ըլլայ վրացի լրագրող Գէորգի Գապունիայի համար, անոր դէմ քրէական գործ յարուցելը։ Փութին այս կարծիքը յայտնած է՝ անդրադառնալով ռուս պատգամաւորներու ըսածին: