Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան Եւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 100-Ամեակի Յանձնախումբի Անդամները

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամները՝ Փօլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան։

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։ Հայրապետը գնահատեց Հայրենակցական Միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական մաշտապով Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի նշումը կատարելու իրենց նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց հայրենակցական միութիւններու դերը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, յատկապէս հայապահպանման գծով անոնց ներդրումը կրթական, մշակութային ու ընկերային մարզերէն ներս։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին