Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով Քննարկած են ԼՂ Հիմնախնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –  Սլովաքիոյ Վիսոգէ Դադրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրէն ներս, Յուլիս 8-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգին, երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին