Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան Համաձայնած են Յաւելեալ Զօրախումբեր Ուղարկել Սուրիա. Foreign Policy

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –  Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան համաձայնած են Սուրիա ուղարկել յաւելեալ զօրախումբեր այնտեղէն հեռացող ամերիկացի զինուորականներու փոխարէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին՝ վկայակոչելով Foreign Policy-ն։

Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ԱՄՆ-ի միակ գործընկերն  են, որոնք դեռ Սուրիոյ մէջ զօրախումբեր ունին:

«Այդ երկիրները կը պարտաւորուին 10-15 տոկոս մեծցնելու զօրքերուն թուաքանակը: Այլ երկիրներ նոյնպէս կրնան որոշ քանակութեամբ զինուորներ ուղարկել, սակայն անոր դիմաց պէտք է վճարեն ԱՄՆ-ին»,- ըսած է ԱՄՆ վարչակազմի ներկայացուցիչը:

ԱՄՆ-ն եւ անոր գործընկերները 2014 թուականէն «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործողութիւններ կ’իրականացնեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին