Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հայաստան եւ Սինկափուր Կը Քննարկեն Արուեստագիական Ոլորտէն Ներս Համագործակցութեան Հնարաւորութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –  Կը շարունակուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Սինկափուր: Կառավարութեան ղեկավարը Յուլիս 8-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Temasek Holdings հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ` ներդրումային խումբի համաղեկավար Նակի Համիյէյի գլխաւորութեամբ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հետաքրքրուած է քննարկելու Temasek Holdings հիմնադրամի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները` հաշուի առնելով վերջինիս արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, տնտեսութեան շարք մը ոլորտներէն ներս, ինչպէս բարձր արուեստագիտութեան ոլորտը:

Վարչապետը ներկայացուցած է նաեւ մենաշնորհներու, փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ կառավարութեան քայլերը: «Կը հրաւիրենք ձեզ ծանօթանալու Հայաստանի արուեստագիական հնարաւորութիւններուն եւ ընկերութիւններու  գործունէութեան»,-ըսած է վարչապետը:

Նակի Համիյէն նշած է, որ Սինկափուրի մէջ առկայ է փոքրաթիւ, սակայն կազմակերպուած Սփիւռք, որուն ներկայացուցիչները յաջող գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներէն ներս: Պարոն Համիյէն աւելցուցած է, որ Temasek Holdings-ը պատրաստ է ՀՀ կառավարութեան հետ քննարկելու համագործակցութեան, ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները: Temasek Holdings ներդրումային խումբի համաղեկավարը ներկայացուցած է հիմնադրամի գործունէութիւնը Սինկափուրի, Չինաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Հնդկաստանի մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին