Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ծագումով Հայերը Արցախի Մէջ

Ծագումով հայերը: Անոնք ամէն տեղ են՝ աշխարհի ամէն երկրի մէջ, հեռաւոր, շատ անգամներ` անծանօթ, բայց հարազատ, շատ հարազատ: Գորգերու արքայ, Սիկարի արքայ, երգի թագուհի… «Արմէնիա» հեռուստաընկերութեան «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի հերոսներէն շատերը, հաղորդաշարի հեղինակի նախաձեռնութեան, իսկ աւելի շատ՝ սեփական արեան ու արմատներու կանչին ականջալուր՝ հայրենիք շտապած են: Յունիս 27-28 անոնք կը գտնուէին Արցախ: Հայրենաճանաչութեան այցին յատուկ տեղ ունի Արցախեան օրակարգը: «Գրեթէ իւրաքանչիւր անգամ, որ կ՝այցելեմ հայրենիք՝ Արցախ պէտք է գամ: Ատիկա սրտի, հոգիի պարտք է»,- կը վստահեցնէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան աւագ թարգման հոգեշնորհ Տէր Տիրան աբեղայ Յակոբեանը: «Ամէն մէկ սփիւռքահայ Հայրենիքով կ՝ապրի անշուշտ, Հայաստանով եւ Արցախով»,- անկեղծութեամբ կ՝ըսէ Ռուբիկ Գալստանեանը, որ Հայոց բանակի ներկայացուցիչն է Եւրոպայի մէջ: «Կը սիրենք, սիրած ենք եւ պէտք է սիրենք: Մենք մէկ Արցախ ունինք: Աշխարհի մէջ ուրիշ Արցախ չկայ: Մենք ունինք հայրենիք այսօր՝ Հայաստանը, Արցախը: Եւ մեր հայրենիքը աշխարհի ամենալաւ, գեղեցիկ պետութիւնը պէտք է ըլլայ»,- խօսքերու հեղինակը Մեգերեան կարպետ ընկերութեան նախագահ Ռաֆֆի Մեգերեանն է:

Առաջին կանգառը Արցախի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ էր, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը: Հիւրասիրութիւնը արդէն կը սպասէր հիւրերուն: Հիւրերէն ոմանք կը նախընտրեն համտեսելէ ետք սեփական ձեռքերով պատրաստել Արցախի աւանդական ժենգեալով հացը: Կը յաջողին: Կուսական բնութեան գրկին մէջ, ազգային դիմագիծն ու շունչը պահպանած քարակերտ տուները իրենց կամարակապ լուսամուտներով ու փայտ» պատշգամբներով Ռոզի Արմէնը մանկութիւն կը տեղափոխեն: Մեծ մօր ու մեծ հօր պատմածները կը յիշէ: Արմատներով նախիջեւանցի երգչուհին կորսուած հայրենիքի կարօտը Արցախէն կ՝առնէ. «Փարիզ ծնած եմ: Բայց ծնողներս շատ պատմած են: Հայրս Նախիջեւանէն էր, շատ պատմած է այս քարէ տուներուն, փայտէ պալքոններուն մասին»:

            Հայրենիքի ազատագրուած հատուածին՝ Արցախի մէջ, առաջին անգամ է: Կը վստահեցնէ՝ հարազատութեան զգացումը ատկէ չի պակսիր: «Ես կը զգամ, որ իմ ղասիտը, չեմ գիտեմ հայերէն ինչպէս է, իմ արմատները այստեղ են՝ Հայրենիքի մէջ եւ այս ժողովուրդը, այս ճաշերը, ատիկա կը բերեն միտքս»,- յուզմունքը չի թաքցներ հանրածանօթ երգչուհին:

            Երկու օր մշակոյթի, գիտութեան, քաղաքական կամ գործարար աշխարհի ճանչցուած դէմքերու աստղաբոյլը Արցախի մէջ եղած է: Պաշտօնական հանդիպումներու շարքէն առաջ՝ այցելած են նաեւ զօրամասեր, շփուած հայրենիքի պաշտպաններու հետ:

            Պաշտօնական հանդիպումներ եւս եղած են: Արցախի պետական նախարարը ընդունած է «Ծագումով  Հայեր» նախագիծին հերոսները: Բազմամարդ խումբի կազմին մէջ են մշակոյթի, քաղաքական ու հասարակական հանրածանօթ գործիչներ, գիտնականներ: Հայապահպանութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ աւանդի համար պետական նախարարը իր հիւրերուն յանձնած է յուշամետալներ եւ շնորհակալագրեր:

Հազարաւոր քիլոմեթրեր կտրած՝ երազանքի հետքերով: Ծագումով հայերէն շատերու համար այդ երազանքը հայրենիքի սահմանը պահողին հանդիպիլն է: Դերասան Մարկօ Խանի երազանքը իրականացաւ, կը խոստովանի Գանձասարի մատոյցներուն մէջ. «Ասիկա իմ առաջին այցն էր: Փափաքս էր Արցախ այցելել, մեր սահմանները, մեր զինուորները տեսնել: Բոլորն ալ կատարուեցան»:

Աշխարհահռչակ հայերու այցով սկսած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերաբացման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը: Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ հանրապետական մաղթանք կատարուած է Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Հիւրերուն մէջ է նաեւ Փաթրիկ Ֆիորին: Հերթական անգամ Արցախի մէջ է: Կը կատակէ՝ արդէն Արցախի մասին այնքան բան գիտէ, որ ինքը կը ներկայացնէ իր ընկերներուն. «Դուք գիտէք, որ ես ե՛ւ քորսիքացի եմ, ե՛ւ հայ: Եւ երբ Ֆրանսայի մէջ կը հարցնեն իմ արմատներու մասին, ես չեմ թաքցներ, որ հայ եմ ու ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Ես պարբերաբար կը պատմեմ Արցախի մասին, ցոյց կու տամ այցերու մասին պատմող լուսանկարները»: Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետն ալ կը կատակէ՝ արդէն անգամ ծագումով ոչ հայերը սկսած են Արցախի պատմութեամբ ու ներկայով հետաքրքրուիլ: Յատկապէս՝ Կլենտէյլի մէջ: «Մինչեւ հիմա կ՝աշխատինք Արցախի հետ: Ուրախ եմ, որ Կլենտէյլի մէջ Արցախ փողոց ունեցանք: Ուրեմն մինչեւ վերջ շատ հայեր ու ոչ հայեր պիտի յիշեն, եթէ չեն գիտեր՝ պիտի սորվին՝ ինչն է կարեւոր Արցախի մէջ»,- կը պատմէ Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Արա Նաճարեանը:

Ծագումով Հայեր նախագիծի հեղինակն ալ կը վստահեցնէ՝ Արցախ այցելելն ու շփումները հաստատ նոր համագործակցութեան ու նոր նախաձեռնութիւններու հիմք պիտի դառնան: «Եկած են տարբեր մարդիկ, որոնք այստեղ արդէն ներդրումներ կատարած են այստեղ եւ մարդիկ, որոնք եկած են հետաքրքրութեամբ՝ թէ ինչ կրնան ընել, որ զարգացնեն թէ՛ թատրոնը, թէ՛ մշակոյթը, թէ՛ տնտեսութիւնը»,- կը թուարկէ «Ծագումով հայեր» հեռուստանախագիծի հեղինակ- վարող Մանանա Յակոբեանը:

Փաթրիք Ֆիորիի մասնակցութեամբ Շուշիի մէջ կայացած շքեղ համերգն ալ Արցախի Թեմի վերաբացման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքէն էր: Գլխաւոր ձեռնարկը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 29-ին՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին:

 

Միջազգային Հանրութիւնը Դէմ Է Արցախի Մէջ Պատերազմ Սկսելուն

Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով միակողմանի զիջումներու սենարին մասին ենթադրութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ: Յուլիս 3-ին հրաւիրուած ճեպազրոյցին ընթացքին՝ յայտարարած է Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութեան  խօսնակ Աննա Նաղդալեան: Ան նշած է, որ խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը առաջնահերթութիւն է Հայաստանի համար:

Միակողմանի զիջումներ Հայաստանի կողմէ չեն ըլլար: Մենք խաղաղութեան ջատագով ենք, որ չի նշանակեր, թէ յանուն խաղաղութեան պիտի դիմենք զիջումներու, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է  Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութեան  խօսնակ Աննա Նաղդալեան. «Ենթադրութիւնը, որ Հայաստանը կրնայ բանակցիլ սպառնալիքի ներքոյ, շատ վտանգաւոր ենթադրութիւն է, որովհետեւ ՀՀ-ն մշտապէս խօսած է խաղաղութեան դիրքերէն, խօսած է բոլորին համար ընդունելի լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան դիրքերէն: Սակայն, ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստանը խաղաղութեան համար պատրաստ է դիմելու միակողմանի զիջումներու, որոնք վտանգի տակ պիտի դնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անվտանգութիւնը»:

Աննա Նաղդալեան ընդգծած է այն մթնոլորտի հաստատման կարեւորութիւնը, որ պիտի նպաստէ խաղաղ լուծում գտնելուն։ Հնարաւոր չէ արդիւնք արձանագրել բանակցութիւններուն մէջ, եթէ տեղւոյն վրայ կայ լարում:«Միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակազմ»երու ստեղծման պայմանաւորուածութիւնները ապահովուած են Վիեննայի մէջ երկու հանդիպումներու եւ Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումներուն: Այսօր օրակարգի վրայ են զանոնք կեանքի կոչելու հարցը»,- ընդգծած է Նաղդալեանը:

Բանակցային գործընթացի շարունակականութեան եւ անոր` Արցախի անմիջական մասնակցութեան մասին խօսելով` Աննա Նաղդալեան նշած է, որ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ Երեւանը քննարկումներու մանրամասները պիտի ներկայացնէ Ստեփանակերտին: Մասնաւորապէս, Յուլիս 4-5-ին, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Արցախ կը գտնուի՝ շարք մը հանդիպումներ կ՝ունենայ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի,  արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, ինչպէս նաեւ Պարգեւ սրբազանի հետ: «Ատիկա, սակայն, չի կրնար փոխարինել լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններուն: Երեւանը ընդամէնը կը տեղեկացնէ Ստեփանակերտին` քննարկուող թեմաներուն մասին: Արցախի լիարժէք մասնակցութիւնը վերականգնելու հարցը կը մնայ օրակարգի վրայ»,- շեշտած է Աննա Նաղդալեան:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը մատնացոյց կ՝ընէ առկայ փաստերը. միջազգային հանրութիւնը, ի դէմս միջնորդներու, վերջին շրջանին ալ անթաքոյց յայտարարած է, որ Արցախի մէջ լարուածութեան աճը անթոյլատրելի է: Ուաշինկթընիէն կրկին կոչեր հնչեցին առաջնագիծի վրայ իրավիճակը վերահսկելու կառուցակազմեր ներդնելու, իսկ Ֆրանսան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանին չի վաճառեր զէնք կամ զրահամեքենաներ, որ հնարաւոր է կիրառել Արցախի դէմ:

Ի դէպ, այս յայտարարութիւնը վերջերս ակամայ հաստատած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը` մամուլի ասուլիսի ժամանակ՝ շեշտելով, թէ միջազգային հանրութիւնը Ատրպէյճանին թոյլ չի տար Արցախի մէջ պատերազմ սկսելու:

 

Արցախի Անվտանգութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Ինքնութեան Խնդիր է, Համոզուած է ՀՀ Արտգործնախարարը

Յուլիս 4-5 աշխատանքային այցով Արցախ կը գտնուէր Հայաստանի արտգործնախարարը: Հանդիպումներուն շարքը մեկնարկեց նախագահի նստավայրէն: ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումը տեւեց մօտ 3 ժամ, այդ ընթացքին քննարկուեցան արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտէն ներս հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Զոհրապ Մնացականեան ճեպազրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ ինք Արցախի նախագահին նաեւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ուաշինկթոնեան հանդիպումէն: Անիկա, սակայն, չի փոխեր դիրքորոշումը, որ Ստեփանակերտը պէտք է անմիջականօրէն մասնակցի բանակցային գործընթացին: «Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է անմիջականօրէն ներգրաւուած ըլլայ, քանի որ ան կողմ կը հանդիսանայ դուք կը հասկնաք՝ եթէ անիկա հեշտ լուծուող հարց ըլլար՝ արդէն լուծուած պիտի ըլլար: Բայց անիկա օրակարգի մէջ կը մնայ եւ հետեւողական կը բարձրացուի: Լեռնային Ղարաբաղը ունի իր ընտրուած իշխանութիւնները, որոնք եւ պէտք է ներկայացնեն իրենց ընտրողները»,- ընդգծած է ՀՀ արտգործնախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Առաջնային խնդիրը Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումն է: Անիկա աւելին է, քան զուտ ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ համահայկական նշանակութիւն ունի: «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը մեզի համար կը մնայ մէկ կարեւոր հիմնախնդիր՝ ԼՂ բնակչութեան գոյացական անվտանգութիւնը: 150 հազար մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը հանդիսանան մեր ազգային ինքնութեան պահապանները: Անկախ անկէ, թէ ուր կ’ապրի, ոեւէ հայ ինքնութեան խորագոյն խնդիր կ’ունենայ, եթէ Արցախի հայութեան անվտանգութեան սպառնալիք ըլլայ»,- խնդիրի կարեւորութիւնը համազգային մակարդակին դիտարկեց Զոհրապ Մնացականեան:

Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու արտաքին գործերու նախարարները ԱՀ ԱԳՆ-ի մէջ ստորագրած են արտգործնախարարութիւններու 2019-2020 թուականներու խորհրդակցութիւններու ծրագիրը: Նման փաստաթուղթ առաջին անգամն է, որ կը ստորագրուի: «Անիկա   եւս կ’ընգծէ    մեր    յարաբարութիւններու  բարձրացման կարեւորութիւնը: Այդ  փաստաթուղթին  հիման  վրայ մենք պիտի շարունակենք  աշխոյժօրէն  համագործակցիլ    ոչ  միայն  նախարարներու մակարդակով, այլեւ՝    փոխնախարարներու, այլ  ստորաբաժանումներու»,- փաստաթուղթի կարեւորութիւնը գնահատեց Արցախի արտգործնախարար Մասիս Մայիլեանը:

Համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց հիմնական սկզբունքները, որոնց ծիրէն ներս այսօր կարգաւորման գործընթացին կ’աշխատի Երեւանը: Անոնք են բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը, աւելի ճշգրիտ՝ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան վերականգնումը, երկրորդը՝ կարգաւորման համար բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորումը եւ երրորդը՝ Արցախի բնակչութեան գոյացական անվտանգութեան ապահովումը, զոր համահայկական առաջնահերթութիւն որակած է նախարար Մնացականեանը. «Այդ յարաչափերու մէջ իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ մենք կը ձեւաւորենք շրջանակը, որուն մէջ մեզի համար անհրաժեշտ է ամրագրել եւ արծարծել հարցերը, ինչը կարեւոր է մեզի համար: Ասիկա բացարձակ առաջնային խնդիր է ՀՀ-ի  համար»: Արցախի արտգործնախարար Մասիս Մայիլեան շեշտեց, որ թուարկուած թեզերը համահունչ են Ստեփանակերտի հռչակած առաջնահերթութիւններուն. «Այո’, այդ մօտեցումները ես կը համարեմ ճիշտ: Առաւել եւս՝ Արցախի մասնակցութիւնը միշտ եղած է մեր օրակարգի մէջ: Եւ ուրախալի է, որ ՀՀ իշխանութիւնները այսօր այդ հարցը աւելի աշխոյժօրէն կը ներկայացնեն եւ ես վստահ եմ, որ անիկա պիտի տայ իր արդիւնքները»:

Այս հարցի ծիրէն ներս կայացաւ նախարարներու առանձազրոյցը եւ անոր յաջորդած ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւնը: Զոհրապ Մնացականեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հետ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին