«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Սկսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ տիկին Աննա Յակոբեանի պաշտօնական այցը Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութիւն:
Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ, ՀՀ կառավարական պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ, Յուլիս 5-ի վաղ առաւօտեան, նախ այցելած է Վիեթնամի անկախութեան եւ ազատութեան համար զոհուած հերոսներու յուշահամալիր, այնուհետեւ Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան հիմնադիր Հօ Շի-Մինի դամբարան: Վարչապետը ծաղկեպսակներ դրած է նախ յուշահամալիրի, ապա դամբարանի մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուած հերոսներու եւ Հօ Շի-Մինի յիշատակին:
Այնուհետեւ, վարչապետն ու տիկինը այցելած են Հանոյի գրականութեան տաճար, վերջինիս գլխաւոր տնօրէն Լի Սուան Քիուի ուղեկցութեամբ, շրջայց կատարած տաճարին մէջ:






