Երկուշաբթի, 23. 03. 2026

spot_img

Իսրայէլ Հիասթափեցաւ Լիբանանի Հետ Սահմանի Վէճէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարը Ուրբաթ օր վրդովմունք յայտնեց, որ Լիբանանը չկրցաւ համաձայնիլ ԱՄՆ-ի միջնորդաւորուած բանակցութիւններուն՝ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանը ճշդելու վերաբերեալ` նշելով, որ Հըզպալլան ճնշում կը գործադրէ Պէյրութի վրայ:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Տէյվիտ Սաթթըրֆիլտ՝ բանակցութիւններ սկսելու համար միջնորդի դեռ կը խաղար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, որոնք 1948-էն ի վեր պաշտօնապէս մնացած են պատերազմական վիճակի մէջ:

Անոնք անհամաձայնութիւն դրսեւորած են արեւելեան Միջերկրական ծովու սահմանազատման հարցով, որ վերջին տասնամեակին արձանագրած է մեծ յառաջընթաց, երբ այնտեղ յայտնաբերուած են բնական կազի խոշոր հանքավայրեր:

Երեսփոխան Ալի Պազի, ելոյթ ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի անունով, Չորեքշաբթի օր ընդգծած էր, որ գրաւոր համաձայնութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, ի տարբերութիւն բանաւոր համաձայնութիւններու առաջարկին, որ ԱՄՆ-ի ներկայացուցած գաղափարն էր:

«Մենք չենք վստահիր Իսրայէլի նոյնիսկ գրաւոր համաձայնութիւններուն, ուր մնաց բանաւորին»,- լրագրողներուն ըսած է Պազզի։

Սակայն Սթէյնէցի խօսքով՝ Լիբանանը կրնայ դիմակայել «ներքին ճնշում, որովհետեւ ան կը գտնուի Հըզպալլայի վախի ազդեցութեան տակ», որ կը հանդիսանայ Լիբանանի համախառն կառավարութեան մէկ մասը:

Սթէյնէց յայտնեց, որ Լիբանանը դեռ պաշտօնապէս կը հրաժարի միջնորդութեան վերապահումէն: Ան ըսաւ, որ «մէկ շաբթուան  կամ 10 օրուան ընթացքին, վերջապէս մենք պիտի գիտնանք, եթէ մենք բանակցութիւններու ճանապարհին ենք, կամ եթէ այս հարցը դարձեալ պիտի յետաձգուի մէկ, երկու կամ երեք տարի եւս»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին