Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Սպանիոյ Պատմութեան Խոշորագույն Կայքահէնը Ձերբակալուած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Մատրիտի մէջ ձերբակալուած է Սպանիոյ պատմութեան մէջ խոշորագոյն կայքահէնը, որուն ձերբակալելու որոշումը կայացուցած էր 25 տարբեր դատարան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:

Լիւբեն մականունը կրող 23-ամեայ սպանացին համացանցի վրայ ապրանքանիշներու կեղծ խանութներուն շնորհիւ կը կարենար ամէն ամիս վաստակել մինչեւ 300 հազար եւրօ: Իրաւապահ մարմինները կ՝ենթադրեն, որ երիտասարդը անօրինական գործունէութեամբ կը զբաղի երեք տարիէ ի վեր:

Յայտնի է, որ ան անընդհատ փոխած է անունը եւ բնակութեան հասցէն:

Լիւբենէն բացի ձերբակալուած է եւս երկու մարդ, առգրաւուած են 50 հեռաձայն եւ 100 հեռաձայնային քարտ:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին