Երկուշաբթի, 23. 03. 2026

spot_img

Սահմանադրական Կարգի Դէմ Հնարաւոր Բոլոր Ոտնձգութիւնները Պիտի Բացառենք. Վարչապետ Փաշինեանի Ուղերձը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ ուղերձին մէջ ըսուած է. 

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Սահմանադրութեան օրուան կապակցութեամբ։

Նախորդ տարի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք իրենց բնոյթով լիարժէք կը համապատասխանէին Սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին, մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցեն, որ մեր քայլերը միտուած են իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման ու ամրապնդման:

Մայր օրէնքի` Սահմանադրութեան անվերապահ կատարումը բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է եւ մենք հետեւողականօրէն պիտի շարունակենք իրաւական դաշտի բարեփոխումներն ու լիարժէք անկախ դատական համակարգի կայացման ուղղութեամբ քայլերը: Այդ հարցով մենք կը զգանք հասարակութեան լիարժէք աջակցութիւնը, որ լրացուցիչ ազդակ կը  հաղորդէ մեր գործողութիւններուն:

Մենք մեր հաստատակամ քայլերով պիտի բացառենք սահմանադրական կարգի դէմ հնարաւոր ոտնձգութիւնները եւ լիարժէք կեանքի պիտի կոչենք Հայաստանի քաղաքացիներու` Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները։

Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի քաղաքացիներ,

Կրկին շնորհաւորելով այս կարեւոր տօնին առիթով` կը մաղթեմ բոլորիս խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին