«Զարթօնք», Պէյրութ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձին մէջ նշուած է.
«Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները, իրականացուցած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամը, նուիրուած հայրենիքի հզօրացման եւ բարգաւաճման, ապահովելու համար սերունդներու ազատութիւնը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութիւնը, հաւաստելով հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, կ՝ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը»:
Հայ ժողովուրդը այս հաւատամքն է, որ ամրագրած է 5 Յուլիս 1995-ի հանրաքուէով ընդունուած Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը երկու անգամ ենթարկուած է արմատական փոփոխութիւններու` հաւատարիմ մնալով այս հաւատամքին։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Կը շնորհաւորեմ բոլորս պետական կարեւորագոյն տօնի` Սահմանադրութեան օրուան առթիւ: Այսօր մենք կը նշենք նաեւ պետական խորհրդանիշերու օրը: Սահմանադրութիւնը, պետական դրօշի, զինանշանի եւ օրհներգի հետ միասին, կ՛ամբողջացնէ պետականութեան էութիւնը:
Սահմանադրութիւնը Հանրապետութեան Մայր օրէնքն է, մեզմէ իւրաքանչիւրի իրաւունքներուն ու ազատութիւններուն պաշտպանութեան գլխաւոր իրաւական երաշխիքը: Սահմանադրական մշակոյթի ամրապնդումը ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ ընկերային պետութեան համակարգի ձեւաւորման, կայացման ու զարգացման կարեւորագոյն նախապայմանն է:
Նոյն Սահմանադրութեան 1-ին յօդուածով որոշուած է պետութեան մեր տեսլականը` հռչակելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն: Այս անփոփոխելի դրոյթը իրականութեան մէջ զուտ հռչակագրային բնոյթ չունի: Ան ամրագրուած է որպէս կարեւորագոյն սկզբունք, արժէք, նպատակ, իրաւական եւ հասարակական իտէալական չափանիշ, որուն շարունակական կատարելագործման միջոցով, առօրեայ աշխատանքով եւ վարքագիծով պէտք է միշտ ձգտին ինչպէս պետական մարմինները, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի:
Բոլորս հաւասար ենք Սահմանադրութեան առջեւ: Բոլորս պետականութեան կրողն ենք, անոր մասնիկը, ուրեմն նաեւ` Սահմանադրութեան պահապանները մեր գործողութիւններով, վարքով եւ մեր մտածելակերպով:
Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այսօրուան տօնին առթիւ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ լաւատեսութիւն»:






