«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ԱՄՆ տիեզերագնացները շուտով կրկին պիտի ելլեն Լուսնի վրայ, ապա պիտի թռչին դէպի Մարս, ուր պիտի տեղակայեն ամերիկեան դրօշը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը:
2018 թուականի Դեկտեմբերին Թրամփ ստորագրած էր Պարաք Օպամայի կողմէ չեղեալ համարուած լուսնային ծրագիրը փաստացիօրէն վերսկսելու մասին կարգադրութիւն: Նախագահի խօսքով՝ ԱՄՆ տիեզերագնացները ոչ միայն Լուսնի վրայ պիտի ձգեն իրենց դրօշն ու հետքը, այլեւ հիմքեր պիտի դնեն Մարս թռչելու համար:
«Մենք շատ շուտով պիտի թռչինք դէպի Լուսին, իսկ անկէ ետք ամերիկեան դրօշը պիտի ձգենք Մարսի վրայ»,- յայտարարած է նախագահ Թրամփ ԱՄՆ Անկախութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկի ելոյթին ժամանակ:






