Ուրբաթ, 27. 03. 2026

spot_img

Աուն Կը Զգուշացնէ Աղանդաւորական Պայքարի Վերադարձին Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Նախագահ Միշել Աուն, Ուրբաթ օր, իր առաջին հրապարակային ելոյթով զգուշացուց լեռնային շրջաններուն մէջ աղանդաւորական պայքարի վերադարձին մասին:

«Այն, ինչ կատարուեցաւ Ալէի մէջ, երբեք պէտք չէ կրկնուի, եւ մենք պէտք է պահպանենք լիբանանցի ժողովուրդին ազատութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք ներկայացուած են տարբեր շրջաններ ճամբորդելու»,- կը նշուի նախագահականէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Աունի խօսքերը կը վերաբերէին անցեալ շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն, որոնք խլեցին երկու կեանք եւ որուն հետեւանքով վիրաւորուեցան երկու ուրիշներ։

Աուն լեռնային շրջաններուն կոչ ըրաւ մնալու կայուն եւ հեռու աղանդաւորական պայքարէն, որպէսզի Լիբանանը չի վերածուի «աղանդաւորական գաւառակներ»ու։  

Ան ընդգծեց, որ 2001-ի լեռնային հաշտեցումը, որ տասնամեակներ անց միացուց տիւրզի համայնքը մարոնի եկեղեցւոյ հետ, «տակաւին կայուն է»։

Հանդիպումը, քացիական պատերազմի ժամանակ (1975-90) տեղահանուած քրիստոնեայ քաղաքացիներուն արտօնած էր վերադառնալու իրենց տարածքները:

Նշենք, որ նախագահը Կիրակի երեկոյեան արտակարգ նիշտ հրաւիրած էր բարձրագոյն ռազմական խորհուրդի հետ՝ քննարկելու համար, թէ ինչպէս կանխել տարածաշրջանի աղանդաւորական ճնշումը:

Աուն Ուրբաթ օր ըսաւ, որ խորհուրդը ձեռնարկած է անհրաժեշտ միջոցներ, եւ բախումներու ետին կանգնողները պատասխանատւութեան պիտի կանչուին:

Առայժմ հինգ կասկածեալներ յանձնուած են Ներքին անվտանգութեան ուժերու տեղեկատուական բաժին` հետաքննութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին