Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Մարոնի Եպիսկոպոսները Ալէյի Դէպքերուն Վերաբերեալ Կտրուկ Գործողութիւններ Կը Պահանջեն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Չորեքշաբթի օր Լիբանանի կառավարութեան կոչ ըրաւ՝  կտրուկ քայլեր ձեռնարկելու Ալէյի մէջ տեղի ունեցած Կիրակի օրուան բախումներուն գծով, որպէսզի վերականգնեն ժողովուրդին վստահութիւնը։

Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց նախագահութեամբ Մարոնի պատրիարք Պշարա Ռայի, եւ ներկայութեամբ Մարատա հոսանքի առաջնորդ Սլէյման Ֆրենժիէի եւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենի:

«Խորհուրդը կոչ կ՝ընէ պետութեան՝ իրականացնելու արդարադատութիւն եւ օրէնք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կանգնած են նշեալ բախումներուն ետին։ Այդպիսով պիտի կանխուի անվտանգութեան վերաբերեալ եղած քաոսը եւ փողոցներուն մէջ զինեալներու ներկայութիւնը, եւ որ պիտի ազդէ պետութեան լիազօրութիւններուն եւ ժողովուրդի վստահութեան վրայ»,- ըսուած է նիստէն ետք տարածուած համատեղ յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին