Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ ՌՈԹԸՐԻԻ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ» ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս Ռոթըրի Միջազգային կազմակեպութեան համաշխարհային խաղաղութեան սատարող վարչութիւնը միաձայնութեամբ ընտրեց Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը ստանձնելու «Միջին Արեւելքի նախաձեռնութիւն» նորաստեղծ խորհուրդի նախագահութիւնը:

            Խորհուրդին մաս պիտի կազմեն խաղաղութեան գործիչներ, նախկին դեսպաններ, տարբեր համալսարաններու դասախօսներ եւ Միջին Արեւելքի մասնագէտներ:

            Խորհուրդի նպատակն է հանդիպումներ ունենալ հրեայ եւ պաղեստինցի ղեկավարներու հետ ներկայացնելով խաղաղութեան նպաստող նոր ու հետաքրքրական առաջարկներ, կազմակերպել խաղաղութեան նուիրուած համագումարներ եւ աշխատանիստեր, հրատարակել մասնագիտական յօդուածներ առնչուած Միջին Արեւելքի մարտահրաւէրներուն եւ ներառել երիտասարդ ուժեր շրջանէն, պատրաստելով զիրենք դառնալու խաղաղութեան նպաստող գործիչներ:

            Այդ առիթով Դոկտ. Տէր Եղիայեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց իրեն վստահուած այս նոր առաքելութեան համար, խոստանալով գործադրութեան դնել նոր ծրագիրներ, որոնք պիտի յաւելեալ թափ տան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան իրականալիք հեռանկարներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին