Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

«Ջուրը Ջաղացքը Տարեր Է Մենք Չախչախը Կը Փնտռենք». Մտորումներ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարի Ընթացքին

Տեսանկիւն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառի նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը իր զանազան նպատակներուն առընթեր նաեւ ունի կարեւոր պաշտօն մը, որն է միեւնոյն դաշտին մէջ աշխատող գործընկերներու իրար ծանօթացում, որ ընկերայինէն անդին կ՛ընդգրկէ նաեւ իրարմէ բան սորվելու հաւանականութիւնը:

Այս ծիրէն ներս, երկու օր առաջ ծանօթացայ հետաքրքրական ընկերոջ մը՝ ան Դաւիթ Յակոբեանն է: Երկիր Մետիայի տնօրէնը:

Ընկերային հաւաքի մը ընթացքին, կէս կատակ կէս լուրջ, մթնոլորտի մը մէջ իրմէ լսեցի հետեւեալ ասացուածքը, որ մօտաւորապէս կ՛ըսէ.- « Ջուրը ջաղացքը տարեր է մենք անոր չախչախը կը  փնտռենք…»

Այս ասացուածքը մտքիս մէջ հորիզոններ բացաւ եւ մտածեցի, որ եթէ ասացուածքը մեր ներկան ինչ, որ չափով կը բնութագրէ ապա մենք կանգնած ենք համահայկական լուրջ խնդրի մը առջեւ:

 

Արդեօ՞ք ջուրը մեր ջաղացքը իրապէս տարած է… Եթէ այո, ե՞րբ պիտի հասկնանք այս դառն իրականութիւնը… ե՞րբ պիտի դադրինք մանրուքներ փնտռելէ… ե՞րբ պիտի լրջանանք եւ ձեռնարկենք նոր ջաղացքին շինութեան:

Եկէք նախ աչք մը նետենք հայրենիքին վրայ.

  • Շուրջ 30 տարուայ անկախ երկիր արդէն:
  • Երեք նախագահներ՝ անբարունակ վախճանով:
  • 30 տարի ետք Երեւանի կեդրոնէն 2 քառ. քլմ. եթէ դուրս գանք՝ արդէն, գաւառ է իր ամենախեղճ իմաստով:
  • Տարիներէ ի վեր կեղեքուած ժողովուրդ:
  • Ժողովուրդ, որուն շատերուն պարագային անաշխատանք ապրիլ ուզելը բնականոն երեւոյթ է: Անոնք անշխատանք կ՛ուզեն ապրիլ եւ լաւ ապրիլ, հակառակ պարագային՝ «սերժիկին մերը» կամ գուցէ օր մըն ալ «Նիքոլին մերը» պիտի անիծեն…:
  • Ժողովրդականութեան նախնական լոզունգներու վրայ հիմնուած՝ իբր թէ, յեղափոխութիւն:
  • Զաւեշտի վերածուած Ազգային Ժողովի շարք մը նիստեր:
  • Ինքնահաստատումի խնդիրներ ունեցող կարգ մը ճահել նախարարներ:
  • Սեւ եւ սպիտակով բեւեռացուած, իրար ատող հասարակութիւն:
  • Հակառակ կարծիքին հանդէպ վայրագ անհանդուրժողականութիւն:
  • Օտար հանրային կարծիքը վատ տպաւորող ու մեր ժողովուրդին նկատմամբ աննպաստ գաղափար ձեւաւորող՝ ընկերային համացանցի վրայ խայտառակ գրառումներ եւ տոնքիշոթական ճակատամարտեր, իսկ վերջը՝ «իրավիճակ է փոխուել»:
  • Հակասութիւններ ամէն բանի մէջ: Օրինակ, մինչ կը յայտարարուի, որ Հայաստանեան կողմը Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով, միջազգային սեղանի վրայ Արցախի ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը կենսական կը նկատէ, նոյն այդ կողմը, Արցախի երկու նախագահներու երաշխաւորութիւնը բանի տեղ չդնէր:

 

Ի տես վերոնշեալին, կարելի է լիաբերան ըսել, թէ ինչ որ սխալ բան կայ հոն: Չէ՞ սիրելի ընթերցող:

Հիմա վերցնենք Սփիւռքը.

  • Եկէք ընդունինք, որ Սփիւռքը իր հայկականութենէն կը պարպուի:
  • Ղեկավարութեան կարեւոր մէկ մասին մօտ մօտ տեսիլքի պակասը կայ:
  • Քիչ չէ թիւը աթոռ-աթոռ խաղցող, այսպէս կոչուած պատասխանատուներու:

Լիբանանը վերցնենք որպէս օրինակ, նկատի ունենալով, որ ըսուած է թէ Լիբանանը սփիւռքի սիրտն է: Եկէք տեսնենք սիրտը ի՞նչ վիճակի մէջ է:

  • Վերջին քանի մը տասնամեակներուն թիւով 60ը նուաճած դպրոցներու թիւի նօսրացում եւ յառաջիկայ վերամուտին արդէն ընդամէնը 16 դպրոցով համայնք: Այս անկումը կարելի է արդարացնել անշուշտ համայնքի թիւի նօսրացումով արտագաղթի պատճառով, սակայն ի վերջոյ այդ մարդիկը չհամբարձան: Անոնք գաղթեցին հիմնականօրէն արեւմուտք: Հիմա մէկը կրնա՞յ ըսել, որ նոյն համեմատութեամբ դպրոցներ բացուեցան արեւմուտքի մէջ: Ո՛չ չբացուեցան: Այլ՝ ընդհակառակը:
  • Նոյնն է մամուլի պարագան: Լիբանանի մէջ միաժամանակ լոյս տեսնող 50 անուն հրատարակութիւնները, այսօր չեն անցնիր երկու ձեռքի մատներու համրանքը:

Ամփոփելով, եթէ մամուլը  իրապէս 4րդ իշխանութիւն կը համարենք եւ սոյն համաժողովին մասնակիցներս հասուն մարդիկ ենք, ապա լրջօրէն պէտք է մտածենք, որ կրնայ ըլլալ ջաղացքը իրապէս ջուրին հետ գացած է արդէն: Ի տես այս թէկուզ յոռետես իրականութեան մենք պէտք չէ չախչախը փնտռենք այլեւս: Այդ մէկը անհեթեթ է: Մենք միասնաբար պէտք է ծրագրենք եւ ձեռնարկենք նոր եւ ամուր ջաղացքի մը հաստատումին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին