«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Չորեքշաբթի օր Լիբանանի կառավարութեան կոչ ըրաւ՝ կտրուկ քայլեր ձեռնարկելու Ալէյի մէջ տեղի ունեցած Կիրակի օրուան բախումներուն գծով, որպէսզի վերականգնեն ժողովուրդին վստահութիւնը։
Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց նախագահութեամբ Մարոնի պատրիարք Պշարա Ռայի, եւ ներկայութեամբ Մարատա հոսանքի առաջնորդ Սլէյման Ֆրենժիէի եւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենի:
«Խորհուրդը կոչ կ՝ընէ պետութեան՝ իրականացնելու արդարադատութիւն եւ օրէնք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կանգնած են նշեալ բախումներուն ետին։ Այդպիսով պիտի կանխուի անվտանգութեան վերաբերեալ եղած քաոսը եւ փողոցներուն մէջ զինեալներու ներկայութիւնը, եւ որ պիտի ազդէ պետութեան լիազօրութիւններուն եւ ժողովուրդի վստահութեան վրայ»,- ըսուած է նիստէն ետք տարածուած համատեղ յայտարարութեան մէջ:






