ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Քոյրերու վարժարանի ընտանիքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Յունիս 2019-ին Հայ Քոյրերու վարժարանը նշանակած է նոր տնօրէն մը յանձին՝ Դոկտ. Յուլիօ Թէյէզի, իր կողքին ունենալով Քոյր Լուսիան, որպէս վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու:
Դոկտ. Թէյէզ ունի կրթական հարուստ փորձառութիւն ուսուցչութեան եւ տնօրէնութեան ոլորտներէն ներս:
Ան արժանացած է հեւեւեալ վկայականներու եւ մակդիրներու՝ Doctorate in Education, Loyola Marymount University-էն եւ Master of Arts in Education, ինչպէս նաեւ երկրորդ Masters Degree Elementary School Administration, Notre Dame University-էն: Նաեւ վկայեալ է California State University Channel Islands-էն:
Բարի գալուստ կը մաղթենք եւ կը շնորհաւորենք Դոկտ. Յուլիօ Թէյէզը իր նոր պաշտօնին համար, կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն յառաջիկայ ուսումնական տարիներուն, հաւատալով որ իր կարողութեամբ, փորձառութեամբ եւ նուիրումով օժտուած անձ մը Հայ Քոյրերու վարժարանը պիտի առաջնորդէ դէպի փայլուն եւ նոր բարձունքներ:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ