ՔԱՐԼ ՎԻՔ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հիմա որ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ յայտարարած են, թէ պատերազմ չեն ուզեր, հարցը կը կայանայ իրենց ներկայի եւ ապագայի ընելիքին մասին։ Իր հիմնումին ատեն, Իսլամական Հանրապետութիւնը, ղեկավարուած քաղաքական մոլլաներու կողմէ, բարձրագոչ ընդդիմութեան մէջ էր Ամերիկայի հանդէպ։
Ուաշինկթըն, որ գահընկէց ըրաւ Իրանի ընտրեալ վերջին գահակալը (շահը), շարունակեց իր միջամտութիւնը այդ երկրէն ներս։ Իրանի համար, որ Իսրայէլի,– շրջանի միակ ոչ-իսլամ պետութիւնը,– հակառակորդն է, աւելի հաճելի է ընդդիմանալ Ամերիկայի, անոր համաշխարհային «յոխորտանք»ին հակադրուելու համար։
Միացեալ Նահանգներ ուրախութեամբ փոխադարձեց իրանեան ժխտական կեցուածքին։ Իր թշնամութիւնը Իրանի հանդէպ շարունակուեցաւ պաղ պատերազմէն, Չինաստանի հզօրացումէն, ու Նիւ Եորքի երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն ահաբեկումէն (11 Սեպտեմբեր 2001) ետք ալ։ Ուաշինկթըն ու Թեհրան ատեն մը գործակցեցան Աֆղանիստանի մէջ՝ Թալիպանին դէմ։ Սակայն, յետոյ նախագահ Ճորճ Պուշ Իրանը նկատեց «Չարութեան առանցք»։ Անիկա տոնքիշոտական նախաձեռնութեամբ արշաւեց Իրաքի վրայ։ Սատտամ Հիւսէյնի տապալումով, Իրանը դարձաւ տիրապետող ուժ Պաղտատի մէջ։
Ան այսօր դարձած է մակակեդրոն (epicenter), հակառակ անոր անգործուն տնտեսութեան եւ անհանդարտ (restive) բնակչութեան։ Իրանի ժողովուրդին ըմբոստութիւնը 2009-ին՝ խարդախուած ընտրութեանց դէմ, պատուաստեց երկրին ղեկավարութիւնը «Արաբական գարուն»ի յեղափոխութեանց դէմ, օգտուելու առիթ ընծայելով շրջանին մէջ։ Սուրիոյ մէջ, Ռուսիոյ օգնութեամբ, Իսլամական Հանրապետութիւնը տիրապետեց Արաբական թերակղզիի Էմիրութիւններուն վրայ, որոնք Պարսկական ծոցին կ՚ակնարկէին իբրեւ Արաբական Ծոց։ Եմէնի մէջ, Իրանի դաշնակից Հութի ցեղախումբը հրթիռներ արձակեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ, որուն գահաժառանգ իշխանը անցեալ տարի «Թայմ» թերթին յայտնած էր, թէ «ինչ որ պատահի սէուտցի ժողովուրդը պիտի չազդուի»։ Եւ հիմա, նախագահ Թրամփ սիրալիր յարաբերութիւններ կը պահէ իշխանին հետ։
Պատերազմի թմբկահարումներ չէ որ կը լսենք ներկայիս, այլ՝ նուագախումբի ֆանֆառներ։ Երբ Թրամփին հարց տուին վատթարացող կացութեան մասին, անիկա պատասխանեց. «Կը նախընտրեմ Թեհրանի հետ բանակցիլ»։ Պրն. նախագահը ինքզինք կը նկատէ վարպետ բանագնաց։ Անիկա «վատ համաձայնագիր» նկատեց Օպամայի նախաձեռնութիւնը. արդարեւ, Իրան գրեթէ ամբողջութեամբ կը հրաժարէր իր հիւլէական ծրագրէն, փոխարէնը վերացման, իրեն դէմ առնուած յաջող պատժամիջոցներուն։ Իրանի լարուած ճիգերը՝ աթոմական ռումբ մը պատրաստելու, պիտի դիմաւորուէր իսրայէլեան ոմբակոծումով։
Այս անգամ կացութիւնը տարբեր է։ Թրամփ առանձին նոր պատժամիջոցներ տնօրինած է, մղելով Իրանին նոր բանակցութեանց ձեռնարկելու։ Սակայն, մէկէ աւելի հարցեր կան։ Ա) Նախ որ համաձայնութիւնը ի զօրու կը մնայ. Չինաստան, Ռուսական Դաշնութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնն ալ ստորագրած են պայմանագիրը, որ ի զօրու է տակաւին, եւ յիշեալ երկիրները կ՚ուզեն պահել համաձայնութիւնը։ Բ) Այլեւս չկայ զինուորական որեւէ սպառնալիք Իրանի դէմ, եթէ նոյնիսկ այս վերջինը կը ձեւացնէ հրահրել կացութիւնը։ Այնպէս, Մայիս 22-էն իվեր, վեց քարիւղատար նաւեր ականային պայթումներու ենթարկուելով վնասուած են։ Հրդեհուած նաւերէն մէկը ճափոնական էր։ Եւ այնպէս պատահած է, որ նոյն օրը, Ճափոնի վարչապետը՝ Շինզօ Ապէ, Թեհրանի մէջ, Թրամփի կողմէ յատուկ պատգամ մը կը բերէր Իրանի բարձրագոյն Առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնէի։
«Թրամփ արժանի չէ որեւէ փոխադարձ պատգամի» պատասխանած է Խամէնէի։ Տալիք որեւէ պատասխան ալ չունիմ հիմա, «կամ՝ ապագային»։
Փոխարէնը, չորս օր ետք, Իրան պատգամեց արար աշխարհին, թէ այս ուղղութեամբ իր երկրին կողմէ որեւէ յայտարարութիւն պիտի բռնաբարէր հիւլէական համաձայնագիրը։ Այս վերջին յայտարարութիւնը կու տար 10 օր պայմանաժամ, որմէ ետք Իրան ազատ պիտի զգար համաձայնագրին մէջ մատնանշուած քանակութենէն աւելի իւրանիումի արտադրութեան։ Նման մատնանշում մը կը նպատակադրէր մղելու եւրոպական երկիրները անտեսելու ամերիկեան նոր պատժամիջոցները, թելադրելով ապրանքի փոխանակութեամբ (barter system) շարունակելու առեւտուրը։ Եթէ այս վերջին միջոցառումը գործադրուէր, Իրան պիտի շարունակէր յարգել համաձայնագրին պայմանները։
Նախագահ Տ. Թրամփի առարկութիւնը ա՛յն է, որ կնքուած պայմանագիրը մասնակիօրէն պիտի իրականացնէ Իրանի աթոմական ծրագիրը 2020-ին, իսկ ամբողջականօրէն՝ 2031-ին։ Բնականաբար, 2025-ին պիտի դիմագրաւուի նման երկսայրի իրողութիւն մը։ Մինչ այդ Թեհրան կ՚ակնկալէ որ 2020-ին, Մ. Նահանգներ ընտրէ նոր նախագահ մը, որ պիտի չուզէր ստեղծել նման անտեղի տագնապներ։
Հարցը ա՛յն է, որ արդեօք Թրամփ իրապէ՞ս կը փափաքի ապահով աշխարհ մը ստեղծել։ Եթէ ոչ ան հետամուտ է սին յաղթանակ մը ապահովելու՝ «Ե՛ս միայն կրնամ նման աշխարհ մը իրականացնել»։ Օրինակի համար, նախագահ Թրամփի հանդիպումները, Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի հետ, չեն յաջողած այս վերջինը նուազ սպառնալի դարձնել։
Թարգմ. ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Time» շաբաթաթերթ, 1 Յուլիս 2019






