ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
«Ամէն մի քայլը սխալ դրած փոխել կարող էր կեանքը մահու»: Ասիկա տող մըն է Չարենցի «ՏԱՆԹԷԱԿԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼ» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն: Բայց յատկանշականը այն է, որ քանի կեանքը չյայտարարուած պատերազմ է, նաեւ ենթակայ սխալ դրուած քայլի մը արդիւնքին, ուր լոյսը խաւարի եւ յաղթանակը պարտութեան կը տանի: Իսկ Մեծարենցի Համրը՝ «Պիտի հծծէր անհուն բառն իր տարփանքին, աղբիւրի մօտ աղջիկներու ականջին, բայց անհունը գէթ չըլլար բառ մը ջնջին»: Քայլ մը, բառ մը, որոշում մը, ղեկի նման ուղղութիւն որոշող, ճակատագրական: Երբեմն պատահականութիւնն ալ իր դերը կը կատարէ՝ ի հարկէ բնական երեւոյթներով. Անսպասելի ցունամիով կամ հողմամրրիկով, որոնց դիմաց ոչինչ կրնանք ընել, եթէ ոչ՝ փորձել պաշտպանուիլ կամ դիմել փախուստի. Բայց բնութեան ուժերը ձգենք իրենց գործարքին ու անցնինք մարդ արարածին: Քիչ մը անցեալի յուշերով: Դպրոցական օրեր. Բախտաւոր էի կարելի է ըսել, մանաւանդ, երբ տակաւին ուսումնառութեան կարելիութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը շեշտուած չէր. Ոչ միայն այդ, այլ՝ Գաղթէն եկած սերունդի առաջին հունձքը պէտք էր աշխատէր նաեւ՝ օգտակար ըլլալու ծնողներուն, մանաւանդ Բ. Համաշխարհային Պատերազմին ծուխերը տակաւին չէին մաքրուած կապոյտ երկինքէն: Բախտաւոր էի իրապէս, եւ ՍԱԿԱՅՆ, տաքարիւն եւ «ըմբոստ» ոգիով պատանի, որմով անտեղի մէկ քայլը պիտի փոխէր դպրոցը՝ փողոցի եւ ուսումը՝ արհեստի. Ժպիտը՝ լացի. Քայլ մը միայն… բայց ասիկա յիշել կու տայ այլ երիտասարդ մը՝ կորովի, հեծելանւորդ: (Ի միջի այլոց հայ կեանքը եռուզեռ կ՛ապրէր ամէն մարզի մէջ. Դպրոցներ կը հիմնուէին, նորանոր թերթեր լոյսի կու գային, մարզական կեանքն ալ հայերուն կը պատկանէր. Վերջապէս «հոս Հայաստանէն աւելի հայ ենք» լսելը տարօրինակ չէր): Ուրեմն, մեր այս հեծելանւորդը լեռնային շրջան փորձի գացած ըլլալուն, սպիտակ խանդավառութեամբ տոպրակ մը ձիւն կռնակին՝ կը վերադառնայ… կ՛իջնէ քաղաք: Բայց… ողնայարը հարուածուա՛ծ: Կը գամուի հիւանդանոցի սենեակի մը մէկ անկիւնը՝ ցկեանս: Սպիտակ ձիւն:
Քայլ մը, համբոյր մը (յիշել Ռուբէն Սեւակի մէկ գրութիւնը), գործունէութիւն մը, կապար մը.
Ոսպեր, ոսպ մը, քար մը, քայլ մը.
Գիշեր – ցերեկ – գիշեր:
Ծննդոցը սակայն Աստուածաշնչեան Ադամ-Եւան է. «Արգիլուած Պտուղը», որմով Դրախտն ալ եղաւ ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ ու մարդիկ տակաւին կը փնռեն, բայց կը գտնե՞ն արդեօք: Փիլիսոփաներ իրենց դիտանկիւնը ունին. Քաղաքագէտներ՝ իրենցը, կրօնականներ եւս, ինչո՞ւ չէ: Ամէն լուծում ժամանակաւոր կամ մասնակի եւ անբաւարար ըլլալը կը վկայէ, ա՛յլ լուծումի մը առիթ տալով:
Հուսկ՝
«Հազար տարուան գործ ու փորձ
Սկսւում է ամէն օր»: (Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ)






