Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Յետաձգեց Կառավարութեան Նիստը՝ Յիշատակելով Ալէյի Դէպքերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի, յետաձգեց կառավարութեան նիստը՝ յիշատակելով Ալէյի վերջին դէպքերը, որոնք լարուածութիւն յառաջացրուցած էին Լիբանանի գլխաւոր Տիւրզի կուսակցութիւններուն եւ անոնց դաշնակիցներուն միջեւ:

«Մեզի անհրաժեշտ է 48 ժամ՝ մեղմացնելու համար ընթացիկ լարուածութիւնը, որուն համար ալ որոշեցի յետաձգել այսօրուան նիստը»,- յայտարարեց Հարիրի՝ իր որոշումը հրապարակելէ ետք:

«Իբրեւ վարչապետ իմ պարտքն է մեղմացնել այս լարուածութիւնը»,- ընդգծեց ան:

Նիստը նախատեսուած էր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, սակայն ժամը 1։00-ին ժամանած էին միայն Հարիրին եւ 30 նախարարներէն 16-ը: Բացակայողներուն մեծ մասը կը պատկանին կամ դաշնակից են Ազգային Ազատ հոսանքին եւ Լիբանանի դեմոկրատական ​​կուսակցութեան, որոնք հանդիպում մը ունեցած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ՝ քննարկելու դէպքերուն վերաբերող նիստին ընթացքին անոնց կեցուածքը:

Վարչապետը նշեց, թէ Կառավարութեան յաջորդ հանդիպումը պիտի որոշուի շուտով։

Յիշեցնենք, որ լարուածութիւնը կապուած էր շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետ, որոնց ընթացքին սպաննուած էին Գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպի երկու թիկնապահները, եւ փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւն՝ վիրաւորուած էին երկու ուրիշներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին