Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Բախումներէն Տուժած Հայուն Վիճակը Կայուն է

«Զարթօնք», Պէյրութ – Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աշխատակիցները այցելած են հիւանդանոց, ուր կը բուժուի Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով տուժած Վրաստանի քաղաքացի Դաւիթ Գրիգորեանը: Բժիշկները հաւաստիացուցած են՝ անոր վիճակը կայուն է: Ըստ «Արմէնպրես»-ի՝ այս մասին տեղեկացուցած է դեսպանութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտները այսօր (2 Յուլիս) այցելած են հիւանդանոց, ուր կը գտնուի 20 լոյս 21 Յունիսին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով տուժած Վրաստանի քաղաքացի Դաւիթ Գրիգորեանը։ Դիւանագէտները հանդիպում ունեցած են գլխաւոր բժիշկի եւ բուժող բժիշկներու հետ։ Անոնց խօսքերով` Դաւիթ Գրիգորեանի առողջական վիճակը կը գնահատուի կայուն, եւ վերջինս այսօր կամ վաղը վերակենդանացման բաժանմունքէն պիտի տեղափոխուի սենեակ»,- ըսուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

Դեսպանութիւնը մշտական կապ կը պահպանէ բժիշկներուն հետ եւ Դաւիթ Գրիգորեանի առողջական վիճակին մասին հանդէս կու գայ յաւելեալ յայտարարութիւններով։

Յիշեցնենք, որ Թիֆլիսի մէջ, 20 լոյս 21 Յունիսին տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով տուժածներուն մէջ եղած էր հայ, Վրաստանի քաղաքացի Դաւիթ Գրիգորեանը, որ վնասուածքներ ստացած է գլուխէն եւ որուն վիրահատած էին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին