Չորս խմբակներու բաժնուած 24 խումբեր կը պայքարին Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի բարձրագոյն Լիկայի ախոյեանութեան տիտղոսին: Իւրաքանչիւր Խմբակ բաղկացած է վեց խումբէ: Իւրաքանչիւր խումբ, երթուդարձի դրութեամբ, պիտի կատարէ տասը մրցում՝ հինգը սեփական դաշտի վրայ, հինգը՝ օտար:
ՀԵԸ Անդրանիկի Մինի ֆութպոլի կազմը երթի գծով երկու յաջորդական մրցում մրցակիցներու դաշտին վրայ կատարելէ եւ յաղթելէ ետք, Ուրբաթ, 28 Յունիս, երեկոյեան ժամը 9.30-ին, իր նորակառոյց դաշտին մէջ՝ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարիա QCS խումբը:
Ներկայիս, ՀԵԸ Անդրանիկ Մինի Ֆութպոլի խումբը ինը կէտով կը գլխաւորէ իր խմբակը:
ՀԵԸ Անդրանիկի մարզիչն է Գօգօ Ալոզեանը, իսկ թեքնիք հարցերու պատասխանատուն՝ սպանական ֆութպոլի ծանօթ դէմքերէն Փաքօ Արաճիոն: