Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Սաթըրֆիլտ Համառօտ Կերպով Պասիլին Ներկայացուց Սահմանային Պայքարի Վերջին Իրադարձութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, Երեքշաբթի, Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին համառօտ կերպով ներկայացուց վերջին զարգացումները։

Արտաքին գործոց նախարարի գրասենեակէն փոխանցուած յայտարարութեան մը համաձայն՝ Պասիլ համառօտ կերպով տեղեկացուեցաւ վերջին շաբաթներուն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մէջ Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի առած քայլերուն մասին, որոնք կը վերաբերէին սահմանային պայքարին։

«Պասիլի եւ Սաթըրֆիլտի կարծիքները նոյնն էին … պէտք է լուծում գտնել սահմանի հարցով` պահպանելու համար Լիբանանի քարիւղային շահերը»,- նշուած էր յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ Սաթըրֆիլտին յանձնարարուած է բանակցութիւններ վարել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, «որոշելու հողային եւ ծովային սահմանները»:

Ան պիտի շարունակէ հանդիպիլ Լիբանանի այլ պաշտօնեաներու հետ եւ հաւանաբար կրկին հանդիպի Պասիլի հետ՝ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին