Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի 92-րդ Հունձքի Աւարտական Հանդէս

Շաբաթ, 29 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ հայ աւետարանական գոլէճի 96-րդ տարեշրջանի փակումը եւ 92-րդ հունձքի (12-րդ եւ 6-րդ դասարաններ) վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ հոգեւոր, պետական եւ կրթական պատասխանատուներու, ծնողաց, շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու:

Շրջանաւարտներու եւ ուսուցչակազմի հանդիսաւոր մուտքէն, քայլերգերու ունկնդրութենէն եւ Հայ աւետ. առաջին եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի աղօթքէն ետք՝ օրուան պատգամը յղեց պարոն Արմէն Պալեան, որ մասնագէտ է հակամարտութեանց լուծման եւ ըստ այդմ՝ խորհրդատու 16 երկիրներու պետական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու: Պր. Պալեան, դրուագներ պատմեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ՀԱԳ-էն ներս իր եւ դասընկերներուն ապրած դժուար օրերէն, շեշտելով, որ այդ դաժան փորձութիւնները կարելի եղաւ յաղթահարել, որովհետեւ թէ՛ դպրոցին մէջ՝ իբրեւ մթնոլորտ, թէ՛ պատասխանատուներուն մէջ՝ իբրեւ կեցուածք, իշխող էր ո՛չ թէ վախը, այլ՝ Սէրը, եւ անով է, որ ՀԱԳ-ը փիւնիկի նման կրցաւ յառնիլ պատերազմի բոցերէն եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը առ այսօր: Պարոն Պալեան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ օրինակ առնեն դպրոցէն եւ կեանքի պարտադրած վախերը յաղթահարեն Սիրոյ զգացումին զօրութեամբ:

Գեղարուեստական բաժինին մէջ՝ խմբային արտասանութիւնով ելոյթ ունեցան 6-րդ դասարանի աշակերտները (Յ. Թումանեան «Թէպետեւ բախտը մեզ…»), իսկ երգչախումբը երգեց «Զար Զընգը» եւ «You raise me up» երգերը»: Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, իսկ վաստակաւոր ուսուցիչ պարոն Հայկ Քէնտիրճեան շքադրուեցաւ «Երկարամեայ ծառայութեան» շքանշանով: Վկայականաց բաշխումէն ետք՝ յուզումնախառն ուղերձ մը արտասանեց շրջանաւարտուհի Սանտրա Պասէթ, յայտարարելով, որ կեանքի անորոշութիւնները չեն վախցներ զիրենք, քանի իրենք կրթուած են ՀԱԳ-ի ջամբած դաստիարակութեամբ եւ արժէքներով:

Հուսկ բանքը արտասանեց տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ դիմելով երեք շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ, որ թէպետեւ անոնք միայն «ես, դուն, ան» են, սակայն միասնաբար կը կազմեն «մենք», որ կատարելագործումն է անհատական դրսեւորումներուն: Ան յիշեցուց աշակերտներուն, որ ՀԱԳ-ի մէջ իրենք կրթուեցան «Մենք»-ի սկզբունքով, թէ՛ իբրեւ քրիստոնեաներ, թէ՛ իբրեւ հայեր, թէ՛ իբրեւ լիբանանցիներ, առանց որեւէ խտիրի, եւ թելադրեց ապրիլ միշտ «մենք»-ը առաջնահերթ նկատելով կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ:

Տնօրէնին խօսքէն ետք, վեր. Չոլագեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ պարոն Ներսէս Պաղտոյեան վկայագիր եւ յուշանուէր յանձնեցին 14 լիբանանաբնակ վեթերան շրջանաւարտներու, որոնց ՀԱԳ-էն աւարտելուն անցած են 60 եւ աւելի տարիներ: (Յիշենք, որ եւս 15  շրջանաւարտներ առողջական կամ այլ պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ հանդիսութեան եւ իրենց վկայագիրերը պիտի ստանան յետագային): Յանուն վեթերաններուն՝ սրտի խօսք ուղղեց 1951-ի շրջանաւարտ պարոն Համբարձում Թերզեան, որ հաստատեց, թէ ՀԱԳ-էն ներս իրենց ստացած ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւնը իրենց հետ մնացած է ցայսօր, իբրեւ կենսակերպ եւ կեանքի սկզբունք:

Վեր. Չոլագեանի շնորհակալութեան խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն:

2018-19 տարեշրջանի շրջանաւարտներն են.

12-րդ դասարան – Գոնիալեան Աւօ, Պասէթ Սանտրա եւ Սերայտարեան Վանա:

6-րդ դասարան – Ալէեմեզեան Քրիստափոր, Համմուտ Մհամմատ, Հատտատ Սէրլի, Հալաճեան Կրեյս, Պաստաճեան Արին, Շահինեան Սէրլի-Ռոզի եւ Տագէսեան Դալար:

Վեթերան շրջանաւարտներն են. (շեղագիրով տրուածները ներկայ էին հանդէսին – ցանկը ըստ երէցութեան):

Մարտիրոսեան Անթիպաս, Կիրակոսեան Ալպերթ, Թերզեան Համբարձում, Կիւլպէնկեան Պատրիկ, Ալլըքեան Յակոբ, Գարագաշեան Նազարէթ, Թապագեան Լուսին, Շնորհօքեան Յակոբ, Վարդապետեան Նորա, Անալեան Ժիրայր, Ղոչախեան Լեւոն, Մատէեան Սօսի, Մսըրլեան Զաւէն, Պեսոս-Քարամ Մարի, Գունտագճեան-Նէնէճեան Փայլիկ, Սաչեան-Սիմոնեան Ազատուհի, Չէօրէքճեան Երուանդ, Պետիրեան-Ապլա Մարինթա, Պերեճիքլեան-Իսկենտերեան Այտա, Մահսերեճեան-Նաֆահ Մանուշակ, Չէօրէքճեան Փոլին, Սարեան Արաքսի, Թօփալեան Սեդրակ, Գասարճեան-Եարտըմեան Լենա, Խաչատուրեան-Տիմիճեան Նորա, Խօշաֆեան-Պալճեան Եւփիմէ, Մահսերեճեան Շուշան, Պօղոսեան Մկրտիչ, Վահրատեան Սարգիս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին