«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իշխանութիւնները պիտի իրականացնեն արագ եւ մանրակրկիտ հետաքննութիւն մը, կապուած շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետ, որպէսզի իրականացնեն անհրաժեշտ ձերբակալութիւնները: Այս մասին յայտնեց Բարձրագոյն Պաշտպանական խորհուրդը։
Խորհուրդի հրաւիրած արտակարգ նիստին ներկայ էին նախագահը, վարչապետը, Կառավարութեան տարբեր նախարարներ, Լիբանանեան բանակի եւ անվտանգութեան ուժերու ղեկավարներ:
Արտակարգ նիստը հրաւիրուեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ Կիրակի օր, երբ նոյն օրուան սկիզբը սպաննուեցաւ երկու հոգի ու չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Երկու սպաննուածները, որոնք թիկնապահներն էին Գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպի, մահացան, երբ զինուած անձեր կրակ բացին նախարարին ուղեկցող մեքենաներուն ուղղութեամբ, որոնք կ՝անցնէին Քապրշմունէն (Ալէյ գիւղաքաղաքէն): Փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւն վիրաւորուեցան երկու ուրիշներ:
Դէպքին մանրամասնութիւնները կը քննուին:
Հանդիպումէն ետք ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Ալէյի մէջ իրավիճակը հանգիստ է եւ հարցը շուտով պիտի լուծուի:






