Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Պելառուսիոյ մէջ Այցելած է Բարձր Արհեստագիտութիւններու Պարկ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աշխատանքային այցով Պելառուսիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Բարձր արհեստագիտութիւններու պարկ:

Նախագահին ուղեկցած են Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու շարք մը յայտնի ընկերութիւններու ղեկավարներ:

Բարձր արհեստագիտութիւններու պարկի տնօրէն Վսեուոլոտ Եանչեւսկի նախագահին ծանօթացուցած է այնտեղ գործող ընկերութիւններու նախագիծերուն եւ արտադրանքին: Նախագահին ներկայացուած են տարբեր բնագաւառներու` բժշկութիւն, բնութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ժամանց եւ այլն, բարձր արհեստագիտական լուծումներն ու մշակումները: Անոնց մեծ մասը արդէն բաւական արդիւնաւէտ կը կիրառուին տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:

Նախագահը նաեւ փորձարկած է virtual իրականութեան մէջ գործող մ շարժակաւոր հեծանիւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին