«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ նիկոլ Փաշինեան 1 Յուլիսին հանդիպած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամներուն:
Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին կը տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը ողջունած է մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց՝ առաքելութիւնը բարեյաջող իրականացնելու համար: «Կ՝ուզեմ ընդգծել, որ այս առաքելութեան ամենակարեւոր եւ հաւանաբար միակ բովանդակային կողմը մարդասիրական առաքելութիւնն է»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը համարէ, որովհետեւ անիկա մեր ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:






