«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանեան նոր օրաթերթ մը, հակառակ վերջին տարիներուն ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամին պատճառով շարք մը թերթերու փակման:
«Նիտա Ալ Ուաթան, կամ Ազգի Կանչը, կը հովանաւորուի լիբանանցի գործարար Միշէլ Մքաթաֆի կողմէ, որ Մայիս 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածու էր։ 16 էջերէ կազմուած օրաթերթին կ՝աշխատակցին խումբ մը անուանի սիւնակագիրներ։
Թերթի գլխաւոր խմբագիր Պշարա Շարպէլի խօսքով «Նիտա Ալ Ուաթան»-ը պիտի անդրադառնայ փտածութեան, Լիբանանի քաղաքականութեան միջամուխ եղող օտարներուն եւ երկրին մէջ ուժի ապօրինի օգտագործման։
«Օրաթերթը նպատակ ունի եւ կը յաղթահարէ խնդիր մը, որ Լիբանանի ինքնիշխանութիւնն է»,- ըսաւ Շարպէլ՝ ընդգծելով, որ թերթը շահոյթ չի կրնար հետապնդել՝ հաշուի առնելով երկրի տնտեսական իրավիճակը։
Նշենք, որ Լիբանանի թերթերուն մեծ մասը անձնական են եւ սովորաբար կապուած՝ երկրի քաղաքական կուսակցութիւններուն:






