Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Բարձրագոյն Պաշտպանական Խորհուրդը Ալէյի Բռնութեան Հարցով Ամբողջական Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իշխանութիւնները պիտի իրականացնեն արագ եւ մանրակրկիտ հետաքննութիւն մը, կապուած շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետ, որպէսզի իրականացնեն  անհրաժեշտ ձերբակալութիւնները: Այս մասին յայտնեց Բարձրագոյն Պաշտպանական խորհուրդը։

Խորհուրդի հրաւիրած արտակարգ նիստին ներկայ էին նախագահը, վարչապետը, Կառավարութեան տարբեր նախարարներ, Լիբանանեան բանակի եւ անվտանգութեան ուժերու ղեկավարներ:

Արտակարգ նիստը հրաւիրուեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ Կիրակի օր, երբ նոյն օրուան սկիզբը սպաննուեցաւ երկու հոգի ու չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Երկու սպաննուածները, որոնք թիկնապահներն էին Գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպի, մահացան, երբ զինուած անձեր կրակ բացին նախարարին ուղեկցող մեքենաներուն ուղղութեամբ, որոնք կ՝անցնէին Քապրշմունէն (Ալէյ գիւղաքաղաքէն): Փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւն վիրաւորուեցան երկու ուրիշներ:

Դէպքին մանրամասնութիւնները կը քննուին:

Հանդիպումէն ետք ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Ալէյի մէջ իրավիճակը հանգիստ է եւ հարցը շուտով պիտի լուծուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին