Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Վարչապետը Հանդիպած է Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Իրականացուցած ՀՀ Մասնագէտներու Առաջին Խումբին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ նիկոլ Փաշինեան 1 Յուլիսին հանդիպած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամներուն:   

Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին կը տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը ողջունած է մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց՝  առաքելութիւնը բարեյաջող իրականացնելու համար: «Կ՝ուզեմ ընդգծել, որ այս առաքելութեան ամենակարեւոր եւ հաւանաբար միակ բովանդակային կողմը մարդասիրական առաքելութիւնն է»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը համարէ, որովհետեւ անիկա մեր ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին