Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 33 –
«Ֆրանսահայ գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւն իրականացնող այն բացառիկ անհատներէն է, որ երբեք չխամրող իր գրիչով կ’արծարծէ հայութեան առջեւ ծառացող խնդիրները: Ազգային ինքնութեան պահպանման համար պայքարի լաւագոյն միջոցը Հայաստանի հզօրացումն է, ուրկէ երբեւէ չեն հեռանար եւ ընդմիշտ Հայրենիք կը վերադառնան մեր հայորդիները»։ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այսպիսի տողերով կը բնութագրէ գրող, հրապարակախօս, հայրենադարձ Յակոբ Պալեանը, որուն գիրեքրու շնորհանդէսները վերջին տարիներուն տեղի ունեցան Հայրենիքի մէջ։ Յակոբ Պալեան իր տարիները նուիրած է հայ գիրին, լեզուի պահպանութեան Սփիւռքի մէջ, կամ ինչպէս կը սիրէ ըսել Պարոն Պալեան, Սփիւռքներու մէջ հայկականութեան պահպանման։
«Զարթօնք» օրաթերթը պատիւ ունեցած է Յակոբ Պալեանի հետ զրուցելու Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի, այսօր առկայ խնդիրներու, մշակոյթի պահպանման, Հայաստանի տնտեսական հզօրացման եւ այլնի մասին։ Պարոն Պալեանի հետ այս անգամ զրուցած ենք Սփիւռքի մասին․ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի այսօր հայկական սփիւռքը, ի՞նչ խնդիրներ ունի, հայկականութիւնը ինչպէ՞ս կը պահպանուի օտար երկիրներու մէջ, ինչպէ՞ս կը տարածեն ու կը զարգացնեն մայրենի գիրն ու գրականութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները եւ այլն։ Յակոբ Պալեանի խօսքով՝ այսօր Սփիւռքը լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է, անոնց լուծման ճանապարհները շատ պարզ են, ըստ մեր զրուցակիցին։ Իսկ թէ որո՞նք են այդ մարտահրաւէրները, լուծման ուղիները կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցի ընթացքին։
– Պարոն Պալեան, շնորհակալ եմ եւս մէկ անգամ զրուցելու առաջարկը չմերժելու համար։ Այս անգամ կը ցանկամ խօսիլ հայկական Սփիւռքի մասին։ Ին՞չ վիճակի մէջ կը գտնուի հայկական Սփիւռքը, ի՞նչ խնդիրներ ունի։ Շատ կը խօսուի հայապահպանութիւն եզրոյթի մասին։ Դուք ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին։
-Ես առհասարակ չեմ սիրեր այս հայապահպանում բառը։ Սփիւռքը առաջ կ’ապրէր վերադարձի յոյսով, բայց ժամանակը ցոյց տուաւ որ այդպէս չէ։ Սփիւռքը 1920, 22, 23 թուականներու Սփիւռքը չէ, բոլորովին տարբեր է, խառնարան է, անոր համար ես կը գործածեմ սփիւռքներ բառը։ Ճիշտ է, անոնք իրարու մօտ կ’ապրին, տեսականօրէն հայ բառը կայ, բայց խորապէս տարբեր են։ Ժամանակին, եթէ կուսակցական տարբերութիւններ կային, հիմա մշակութային ու հոգեբանական տարբերութիւններ կան։ Սփիւռքը ժամանակի ընթացքին սկսաւ մաշիլ։ Մաշիլ բառը բնականաբար չարտայայտեր ամբողջ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ, երբ մարդիկ սկսան տարածուիլ, քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ բնակիլ, բացի ֆիզիքականէն, յառաջացան նաեւ հոգեբանական տարբերութիւններ։ Առաջին շրջանի մարդիկ, երբ դպրոց կ’երթային, կրնային հայերէն սորվիլ, որովհետեւ տան մէջ հայերէն կը խօսէին, հեռատեսիլ չկար եւ դպրոցներու մէջ կրթական ծրագիրը հայկական էր։ Իսկ հիմա այդ ամէնը կ’աւանդուի տեղական լեզուներով, տեղի լեզուն է, որ կը գերիշխէ, հայերէնը կը մնայ սոսկ յարաբերական մակարդակի վրայ գտնուող լեզու։ Լաւագոյններու պարագային անգամ այս դժուարութիւնը կայ։ Օրինակ՝ հայկական երկրորդական վարժարան կ’աւարտեն, բայց բառապաշարը սահմանափակ է, բնականաբար կան բացառութիւններ։ Հայ գիւղացին այստեղ բոլոր ծառերու անունները կու տայ, իսկ մենք Սփիւռքի մէջ այդ անունները հետզհետէ կը կորսնցնենք, մեզի համար բոլորը ծառ են, ծառ կ’ըսենք։ Յետոյ, գիտական բառերը կամաց-կամաց կորսնցուցինք, հիւանդութիւններու անուանումները, մարմնի մասերու անուանումները եւ այլն։ Յետոյ պէտք է նաեւ խօսիլ այն մասին, որ Սփիւռքի մէջ մարդիկ սկսան մասնակցիլ տեղական կեանքին, քաղաքականութեան։ Մարդոց մեծ մասը հայկական ուսում չէ ստացած կամ չ’ստանար, կան նաեւ խառն ամուսնութիւններ։ Մեր հայկական Սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն՝ Լիբանանի մէջ այսօր փոքրիկները կը գտնուին օտար վարժարաններու մէջ, ոչ թէ հայկական։ Տարիներ առաջ իմ եւ ընկերներէս մէկուն կատարած վերլուծութեան համաձայն օտար վարժարաններու մէջ աւելի շատ հայ աշակերտ կար, քան հայկական վարժարաններուն։ Այսօր բնականաբար այդ երեւոյթը աւելի շեշտուած է, որովհետեւ բոլորը կ’ուզեն իրենց երեխաները լաւագոյն վայրերու մէջ կրթութիւն ստանան, յաջողին, իրենց տկար մանկավարժական մօտեցումով կը կարծեն, թէ հայերէնը արգելք է այլ լեզուներ սորվելու համար։ Այս ընթացքը կը շարունակուի։ Իմ կարծիքով այս ամէնը փրկելու միակ հրաշքը հայրենադարձութիւնն է։ Մարդոց մէջ պէտք է հայրենադարձութեան գաղափար ներմուծել, իրենք պէտք է համոզուած ըլլան, որ եթէ ոչ այսօր, ապա՝ վաղը անպայման պիտի վերադառնան։
-Պարոն Պալեան, մինչ հայրենադարձութեան անդրադառնալը, շարունակենք այն միտքը, որ հայկական սփիւռքներու ներկայացուցիչները տարբեր են իրարմէ։ Ինչո՞վ կը տարբերի օրինակ Ֆրանսայի Սփիւռքը ԱՄՆ-ի Սփիւռքէն։
-Մտածելակերպով, բարքերով, ժամանակին Խորհրդային միութեան շրջանի քաղաքական ըմբռնումներով, որ պառակտումներ կը յառաջացնէր։ Որպէսզի կարենային իրենց գաղափարները տարածել, կը փորձէին պառակտել Սփիւռքը։ Հիմա ասիկա այդքան արտայայտուած չէ, բայց այնպէս չէ, որ չկայ ընդհանրապէս։ Սփիւռքներու տարբերութիւնը կը յառաջանայ նաեւ իրենց վարած քաղաքականութենէն։ Ես միշտ ըսած եմ՝ եթէ Լիբանանի ու Սուրիոյ պատերը քանդէք, մէջէն ամերիկացի հայ բանուորներու քրտինքը կ’ելլէ։ Միջին Արեւելքի մէջ հեռաւորութիւնները նուազ էին, դպրոցներ պահելը աւելի հեշտ էր, իսկ, օրինակ, Նիւ Եորքի աշակերտը երկար ճամբայ պէտք է կտրէ, որ հայկական դպրոց հասնի։ Դպրոցը պէտք է թաղային ըլլայ, ամէն մարդ իր թաղի դպրոցը պէտք է երթայ։ Դպրոցական քաղաքականութիւնը դժուար է։ Լեզուն մտածում կը ձեւաւորէ, գաղափար կը ձեւաւորէ։ Ժամանակին Լիբանանի մէջ հայկական թերթերուն մէջ թերթօններ կը հրատարակուէին, ամէն օր 4 կամ 8 էջ, ես կը ճանչնամ մարդիկ, որոնք կը կտրէին եւ կը պահէին այդ թերթօնները։ Հիմա այդպիսի բան չկայ, նոյնիսկ հայերէն գիրք չեն կարդար։ Առանց մշակութային վերականգնումի ոչ ներսը կը փրկուի ոչ դուրսը։ Այստեղ հայ կոչուած ժողովուրդ կ’ապրի, բայց նկարագիր կը փոխէ։ Մենք այս վտանգի առջեւ ենք ազգովի։ Եթէ մեր ղեկավարութիւնները չհասկանան, մեր ապագան լաւ չ’ըլլար։
-Մենք կանգնած ենք հայկական սփիւռքները կորսնցնելու վտանգի տա՞կ։ Այդքան ծայրայե՞ղ է վիճակը այսօր։
-Այո’, այո’, եւ ասիկա յոռետեսութեան հարց չէ, իրականութիւն կայ, որուն դէմ չես կրնար առնել։ Կ’ըսեն Սփիւռքի մէջ այսքան միլիոն հայութիւն կայ, ո՞ւր է այդ հայութիւնը, ինչպէ՞ս է, որքա՞նն է ներկայ։ Նոյնիսկ այն սփիւռքահայերը, որոնք կու գան Հայաստան, միայն կը նկարեն ու կ’երթան, յաճախ իրենց գործառոյթը անկէ անդին չ’անցնիր։ Բնականաբար, Սփիւռքի մէջ կան հայեր, որոնք այստեղ կու գան հայրենիքին տէր կանգնելու համար։ Ես կը ճանչնամ մէկը, ով այստեղ չ’ապրիր, բայց այստեղ 3000 ծառով այգի տնկած է, տարին երեք անգամ կու գայ, այգիին կը նայի կ‘երթայ։ Եթէ Հայաստանի մեր բոլոր ունեւորները այդպէս վարուին, Հայաստանը կանաչ գորգի կը վերածուի։ Անոր համար պէտք է փրկենք մեր համրանքը։ Անիկա ընելու համար գաղափարախօսութիւն է անհրաժեշտ։ Դուք եթէ Իսրայէլ երթաք, կը տեսնէք, որ մարդիկ գացած իրենց երկրին տէր կանգնած են, անապատը այգիի վերածած են։ Հայաստանի օրէնքները արհեստական կերպով պէտք չէ արգելքներ ստեղծեն։
-Դուք Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք՝ հարցի լուծման տարբերակը հայրենադարձութիւնն է։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք անիկա։ Վերջին շրջանին կը նկատուի հայրենադարձութիւն, կը խրախուսուի, բայց արդեօք ամէն ինչին վարդագոյն ակնոցով պէտք է նայիլ։ Կը կարծեմ՝ դժուար է դուրսը ապրիլ բարեկեցիկ կեանքով, յետոյ վերադառնալ հայրենիք՝ զուտ հայրենասիրութենէն դրդուած եւ ապրիլ ցած աշխատավարձով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանը պիզնէս առումով ու տնտեսապէս այդքան ալ նպաստաւոր չէ։
-Հարցը երկու երես ունի։ Նախ՝ երկիրը պէտք է ապահովէ այնպիսի դրութիւն, որ մարդիկ գան, կարենան ապրիլ։ Երիտասարդները, որոնք կ’ուզեն գալ Հայաստան, առաջին հարցը կ’ըսեն՝ ի՞նչ գործ կրնամ ընել։ Մարդ կը ճանչնամ, որ կ’ուզէ այստեղ փոխադրուիլ, իր տան կահոյքով, ամէն ինչով, մաքսային ծառայութենէն ըսած են, որ պէտք է արձանագրէ, թէ քանի դգալ ունիք, քանի պատառաքաղ, քանի աթոռ, աթոռը որքան կը կշռէ եւ այլն։ Ես չէի գիտէր, որ իմ աթոռի կշիռքը պէտք է գիտնայի։ Այսպիսի մանրուքներու մէջ պէտք չէ մարդը խեղդել։ Պէտք է դիւրացնել, որ մարդիկ վերադառնան։ Վերադարձողի յաջողութիւնը բացասական կերպով պէտք չէ դիտել։ Երկու օր առաջ կը խօսէի Հայաստան բնակողներէն մէկուն հետ, նեղսրտած կ’ըսէր՝ բոլոր սփիւռքահայերը կու գան այստեղ տուն կ’առնեն կ’երթան, մենք՝ տեղացիներս տուն չունինք։ Իր մտահոգութիւնը կը հասկնամ, բայց ատիկա մեղքը չէ այն մարդուն, որ հայրենասիրութենէն դրդուած տուն կ’առնէ։ Հարցերը մէկ տեսակ չեն։ Ըստիս, եթէ ըլլայ ղեկավարութիւն, որ կը կարենայ հարցերուն վերէն նայիլ, կազմակերպել ու ստեղծել իսկական համագործակցութիւն, ամէն ինչ կը փոխուի։ Այդ համագործակցութիւնը չէ եղած անցեալին, չկայ եւ հիմա։ Առաջ ես կ’ըսէի, որ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սփիւռքէն մարդ պէտք է ըլլայ, մշակոյթի նախարարութեան մէջ դուրսէն մարդ պէտք է ըլլար, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ հսկայական մշակոյթ կայ։ Սփիւռքի մէջ հսկայ ներուժ կայ։ Այս հարցը կը լուծուի կազմակերպուածութեամբ։ Մեծ գործերը կ’ըլլան միայն կազմակերպուածութեամբ։ Կ’ուզեմ նաեւ շեշտել այն խնդիրը, որ պէտք է պայքարիլ այլամերժութեան դէմ։ Ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ ատիկա կայ՝ տարբերութիւն տեսնել այստեղի եւ դուրսէն եկած հայերու միջեւ։ Անոր համար պէտք է մամուլը, հեռատեսիլը ուսուցանէ, պայքարի անոր դէմ, հապա ինչու՞ համար են անոնք։ Ժողովուրդին պէտք է բացատրել, որ անիկա սխալ է։ Օրինակ, այստեղ մարդոց մէջ արմատացած է, որ դուրսէն եկողները բոլորը լաւ կ’ապրին, բոլորը միլիոնատէրեր են։ Սփիւռքի մէջ ալ համեստ մարդիկ կան, դժուար ապրող մարդիկ կան, զաւակները օտարի օժանդակութեամբ դպրոց ուղարկողներ կան։ Այս ամէնը պէտք է ժողովուրդը հասկնայ, որմէ ետք միայն համագործակցութիւնը, փոխհասկացութիւնը կը դիւրանայ։
-Շնորհակալ եմ հետաքրքրական զրոյցի համար։






