«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի պիտի վերադառնայ Պէյրութ՝ Լիբանանի պաշտօնատար անձանց փոխանցելու վերջին զարգացումները:
Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, որ ԱՄՆ միջնորդն է, մօտ մէկ ամիս է Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ դնելով ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն սկզբունքները:
Երկու կողմերն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են սահմանագծելու հարաւային սահմանը, որպէսզի դիւրացնեն քարիւղի եւ կազի հետախուզումը:
Նշենք, որ նախկին բանակցութիւնները կ՝ընթանային դրական կերպով, ըստ որոնց, Իսրայէլ համաձայնած էր Լիբանանի պայմաններուն, որպէսզի ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ վարեն Նաքուրայի մէջ՝ միաժամանակ սահմանագծելով ծովային սահմանը:
Սակայն, Սաթըրֆիլտի վերջին այցէն ետք, 12 Յունիսին, Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը վերահսկէ խնդիրը, յայտնեց, թէ Իսրայէլ կը փորձէր «խուսափիլ այն բաներէն, որոնց վրայ համաձայնեցանք»:






