Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Պելառուսիա Մեկնեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունիս 30-ին, աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ նախագահը ներկայ պիտի գտնուի Եւրոպական երկրորդ խաղերու փակման արարողութեան: Այցին ծիրէն ներս՝ կը  նախատեսուի նաեւ նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը Պելառուսիոյ իր գործընկեր Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:

Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ գիտական եւ կրթական հաստատութիւններ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին